image

Ռոպերթ Քոչարեանը պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ. դատարանը մերժած է պաշտպաններու բողոքները

Ռոպերթ Քոչարեանը պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ. դատարանը մերժած է պաշտպաններու բողոքները

ՀՀ վերաքննիչ դատարանը մերժեց ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններուն բողոքները՝ խափանման միջոցի վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի որոշումը ձգելով անփոփոխ. Քոչարեանը պիտի մնայ կալանքի տակ: Այս մասին, այսօր, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Գլխաւոր դատախազութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութեան ղեկավար Վահագն Մուրատեան:

«Որոշումը հրապարակուեցաւ: Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններուն բողոքները ամբողջութեամբ մերժուած են: Քոչարեանը պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ»,- ըսած է Մուրատեան:

ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ գործը կը քննէր դատաւոր Մնացական Յարութիւնեան: