image

Քարահունջ շրջանի ղեկավարը կալանքի տակ առնուեցաւ

Քարահունջ շրջանի ղեկավարը կալանքի տակ առնուեցաւ

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարած է Գորիս համայնքի Քարահունջ բնակավայրի վարչական ղեկավար Լուսինէ Աւետեանը կալանաւորելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը։

Այդ մասին յայտնած է ՅՔԾ մամուլի խօսնակ Մարինա Օհանջանեանէն:

Ըստ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան՝ ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ հիմնաւորուած է, որ Քարահունջ բնակավայրի վարչական ղեկավար Լուսինէ Աւետեանը, օգտագործելով Քարահունջ բնակավայրի չորս բնակիչները, 2021 թուականի Մայիս ամսուան ընթացքին դրամատնային փոխանցման միջոցով «Դրամական աջակցութիւն» անուան տակ 100.000-220.000 ՀՀ դրամ տրամադրած է անոնց եւ հարկադրած մասնակցիլ 2021 թուականի 8 Յունիսին Գորիս քաղաքի մէջ «Հայաստան» դաշինքի կողմէ կազմակերպուելիք քարոզարշաւին:

Բացի այդ, Աւետեանը ընկերային եւ առողջական խնդիրներու կապակցութեամբ նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու եղանակով 2021 թուականի Մայիսի 6-ին կազմակերպած է Քարահունջ բնակավայրի մէկ այլ բնակիչի դրամատնային եղանակով 100.000 ՀՀ դրամի փոխանցումը, ապա հարկադրած է անոր մասնակցիլ «Հայաստան» դաշինքի 8 Յունիսին Գորիս քաղաքի մէջ կազմակերպուելիք քարոզարշաւին, ինչպէս նաեւ հարկադրած է ընտրութիւններու օրը կողմ քուէարկել «Հայաստան» դաշինքի օգտին:

Վերը նշուած յանցաւոր արարքներու կատարման համար համայնքապետին մեղադրանք առաջադրուած է Ընտրական իրաւունքի իրականացման, ընտրական յանձնաժողովներու աշխատանքներուն կամ ընտրութեան մասնակցող անձանց լիազօրութիւններու իրականացման խոչընդոտելու եւ Քուէարկութեան գաղտնիութիւնը խախտելու մասով: