image

Ռիատի մէջ կատարուած զարգացումներուն մասին. Կամ Մոհամմէտ Պըն Սըլման իշխանը կ'ամրացնէ իր դիրքերը

Ռիատի մէջ կատարուած զարգացումներուն մասին. Կամ  Մոհամմէտ Պըն Սըլման իշխանը կ'ամրացնէ իր դիրքերը

 Անցնող օրերուն  Ռիատի մէջ  կատարուած  զարգացումները    անշուշտ, որ իրենց հետքը  պիտի   թողեն        Սէուտական Թագաւորութեան ապագայ ընթացքին վրայ:   Շաբաթ  յետմիջօրէին մինչ    միջազգային լրահոսը  կլանուած էր Լիբանանի   վարչապետ Սաատ Հարիրիի  հրաժարման լուրով     ուշ երեկոյեան           Ռիատէն     կը հասնէին      մէկէ աւելի առումներով   հարցականներու    դուռ  բացող      զարգացումներ:  Թագաւորական   հրամանով  կը ձերբակալուէին     11     շէյխեր    եւ  38    նախկին  բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:   Թագաւորութեան    ներկայ իշխանութեան հետ   մէկէ  աւելի  առումներով  կապ ունեցող   իշխաններն ու  նախկին նախարարներու   ձերբակալութեան լուրը     կ'ունենար  «մեծ  պայթում»ի մը       ուժգնութիւնը  եւ    հեղինակաւոր մէկէ աւելի թերթեր եղածը կը համարէին     «իրական  երկրաշարժ» մը:  Ձերբակալեալներուն  մէջ   ամէնէն   աւելի յայտնի էր  Իշխան  Մըթհէպ Պըն Ապտալլա եւ իշխաններ   Ֆահըտ Պըն   Ապտալլան   եւ    Թալալ  Պըն  Ուալիտը:

 

  Եթէ  շատ  արագ     հայացք մը նետենք  ապա  այս   ձերբակալութիւններու արմատը          թագաւորութեան նախկին   գահաժառանգ   Մոհամմէտ Պըն  Նայէֆ    իշխանին   թագաւորական պաշտօնէն «լուռ հեռացում»ն էր:

   Դվիթըրի միջոցաւ  տրուած      բացատրողականով մը      թագաւորութեան   «կաշառակերութեան  դէմ     մշտական   մարմին»ը   կը յայտարաէր, որ եղածը     կարեւոր քայլ մըն    պատերազմելու      երկրին մեծ  վնասներ բերած   կաշառակերութեան  եւ  դրամալուացման ու մսխումի   հիմնական  հեղինակներուն հետ:

       Այս բոլորին  ետին   բնականաբար կը կանգնի  Մոհամմէտ Պըն Սալման    երիտասարդ իշխանը, որուն  տնտեսական    քաղաքականութիւնը կը համարուի    Սէուտական   թագաւորութեան արդի  օրերու ամէնէն     ուշագրաւ ծրագիրը, որ     իշխանին կողմէ անուանուած է «Սէուտական  Արաբիա-2030»: Տնտեսական  առաջնահերթութեամբ եղած    քայլերը, որոնք  «վիրաբուժական  գործողութեան» մը   տեսքը ունին   միայն  տնտեսական առաջանհերթութեամբ եղած  քայլեր չեն: 

 Այդ քայլերուն մէջ   կան   քաղաքական     կարեւոր «պատգամներ» տրուած  ըլլալով, որ եղած  ձերբակալութիւնները   կը կատարուէին   մէկ  գիշերուան մէջ եւ առանց որեւէ     «կանխազգուշացման»:

 

   Մոհամմէտ իշխանի     առաջնորդութեամբ  այս  քայլերը  ունին նաեւ    արտաքին    «կանաչ  լոյս» մը,   տրուած ըլլալով, որ Մոհամմէտ Պըն   Սըլման     անցնող   մէկ տարուան ընթացքին     կարեւորագոյն դեր կատարեց  Սէուտական Արաբիա- Միացեալ Նահանգներ ու նաեւ   Սէուտական Արաբիա- Ռուսաստան   գիծերուն վրայ:

 Ուրեմն  արտաքին    նեցուկ եւ  զօրակցութիւն ունեցող իշխանին համար    այս հանգրուանին  ու    նախկին  գահաժառանգը  խաղէն   դուրս  «նետելէ»  ետք կը մնար      պատրաստել     «ներքին գետին»ը  եւ          այսպէս խաղէն  դուրս նետել    բաւական մեծ  ազդեցութիւն   ունեցող   գործիչներ եւ  իշխաններ:

 

 Չէ  բացառուած   նաեւ, որ նոյնիսկ Լիբանանի  վարչապետին  հրաժարականը կապ  ունեցած ըլլայ  այս    արշաւին հետ, որ ամէն  բանէ  առաջ   քաղաքական   արշաւ մըն է:

 Յստակ է նաեւ,  որ թագաւորութիւնը     լաւ հաշուառած է նման      գործողութեան մը հետեւանքները ու այդ  պատճառով է նաեւ    տնտեսական   մեծ  ցնցումներ    չեղան:

 Աւելին  քայլերը առնուեցան  շատ հեզասահ ընթացքով մը,   ու      թագաւորութիւնը այսօր կը շարունակէ իր  բնականոն    կեանքը:

 Այս  բոլորէն անդին    յոյժ  կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցնէ    ռուսաստեանեան  «Սփութնիք»ին      կայանը  նշելով, որ      Մոհամմէտ  իշխանին կատարած  քայլերը         տեղի ունեցած են այն պահուն, երբ թագաւորութեան մէջ կը պատրաստուէր         «Պետական  հարուած» մը   գլխաւորութեամբ   թագաւորական   պահակախումբի   նախկին առաջնորդ  Մըթհէպ Պըն Ապտալլա  իշխանին: Կ'ըսուի նաեւ, որ  այդ տեղեկութիւնները Մոհամմէտ  իշխանին հասած են    ձերբակալութեան  արշաւէն միայն երկու օրեր առաջ:

 Այստեղ   պէտք է նաեւ նշել, որ այս ձերբակալութիւններու ընթացքին տեղի ունեցան  երեք կարեւոր դէպքեր, որոնք անպայման   պէտք է հաշուի  առնուին:  Այդ  դէպքերն են ՝

 

 

 ա.  Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի  հրաժարականը:

 բ.    Անցեալ շաբաթ ուշ գիշերին      Եէմէէն    Ռիատի   միջազգային օդակայանին ուղղութեամբ  արձակուած  պալիսթեան  հրթիռի  դէպքը:

գ.  Կիրակի ուշ երեկոյեան     «Ալ  Ասիր»  շրջանի փոխ  կառավարիչ Մանսուր  Պըն  Մկրէնի   ուղղաթիռին ջախջախուիլը ու անոր եւ կարգ մը   բարձրաստիճան  ընկերակիցներուն  զոհուիլը:

 Այս  բոլոր  դէպքերը   կարեւոր են     յստակատեսութիւն  մտցնելու Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր պատկերին մէջ,  ու    գաղտնիք ալ    որ ընտանեկան հիմքերու  վրայ կանգնած թագաւորութիւնը առաջին անգամը  չէ, որ  նման    զարգացումներէ  կ'անցնի:

  Ամէն պարագայի յստակ է, որ    այսօր    6     նոյեմբերին Սէուտական Արաբիան մտած է նոր    փուլ մը, որուն հմնական օրակարգը    գահաժառանգ   Մոհամմէտ  Պըն Սըլման իշխանութեան  ամրացման    փուլն է    եւ մնացած   բոլոր  ենթադրութիւնները, ձերբակալութիւնները եւ     նոր անուններու   ի յայտ գալը   ընդամէնը մանրամասնութիւններ են:

 

 

 

 Սագօ Արեան