Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութիւնը՝ զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովի գլխաւորութեամբ, կրնայ օգնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յետպատերազմական կարգաւորման գործընթացը աշխոյժացնելու հարցին:
Այս մասին «Վեսթնիք Կավկազա» պարբերականի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Ազգային պաշտպանութիւն» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Իկոր Քորոթչենքոն՝ մեկնաբանելով Երեւանի կողմէ Պաքուին ականապատման քարտէզներու տրամադրումն ու 15 հայ ռազմագերիներու վերադարձը:
«Այդ լաւ նշան է, այդ ցոյց կու տայ, որ ռուս խաղաղապահներու եւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարի ձեռք բերած կարեւորութիւնը թոյլ կու տայ միջնորդի արդիւնաւէտ դեր խաղալ կողմերու միջեւ յարաբերութիւններ կառուցելու գծով: Յոյսով ենք, որ նոյն կերպ Ռուսաստանի աջակցութեամբ արագ կը սկսի եւ արագ ընթացք կը ստանայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման գործնական գործընթացը: Հայաստանը դժուարութեամբ կ'երթայ Ատրպէյճանի հետ խաղաղ երկխօսութեան: Յուսանք, որ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ այդ գործընթացը առաւել արդիւնաւէտ եւ օգտակար ընթացք կ'ունենայ կողմերու համար»,- ընդգծած է փորձագէտը:
Վերջինս ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքի վրայ, որ եթէ Ատրպէյճանէն վերադարձած զինուորականները ձերբակալուած չըլլային 9 Նոյեմբերէն ետք՝ որպէս ներթափանցողներ, Հայաստանը երբեք Ատրպէյճանին չէր փոխանցեր ականապատման քարտէզները: Փորձագէտը ընդգծած է, որ ականապատման քարտէզները մեծ կարեւորութիւն ունին Ատրպէյճանի համար:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել