Սուրիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Իմատ Ալ Ասատ հաւաստիացուցած է, որ բացի կառավարական ուժերէն, ոչ մէկ ուժ պիտի ղեկավարէ սուրիական որեւէ տարածք:
21 հոկտեմբերին «Սփութնիկ»ի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ անդրադառնալով Ռաքքայի մէջ հաստատուելիք ղեկավարման ձեւի մասին հնչող կարծիքներուն նշած է, թէ Միջազգային դաշնութիւնն ու «Իսլամական Պետութիւն»ը Ռաքքան վերածեցին
ուրուականներու քաղաքի, եւ այնտեղ համարեա' կեանքի նշոյլ չմնաց, շատ քիչեր արտաքսուեցան, իսկ շատեր սպաննուեցան, ուրեմն ի՞նչ ղեկավարման մասին կարելի է խօսիլ:
Ասատ շեշտած է, որ ամերիկացիները քիւրտերուն միջոցով կը ձգտին իրականացնել իրենց ծրագիրները, սակայն Սուրիոյ կառավարական ուժերը քաղաքին մօտենալու պէս ամէն բան պիտի փոխուի, որովհետեւ ամերիկեան նախագիծը քաղաքական եւ ռազմական գետնի վրայ անյաջողութեան մատնուելէ ետք այժմ իր վերջին շունչը կը փչէ:
Ասատ նկատել տուած է նաեւ, որ Ռաքքայի ազատագրումը տեղի ունեցաւ շատ մութ պայմաններու մէջ: Ան զարմանքով նշած է, որ որեւէ պատերազմ իր ետին զոհեր, վիրաւորներ, անգամ գերիներ կը թողու, սակայն ո՞ւր են եւ ո՞ւր գացին «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները Ռաքքայի ազատագրումէն ետք:
Հեռախօսազրոյցի աւարտին Իմատ Ալ Ասատ կարծիք յայտնած է, որ Ռաքքայի ազատագրումը կատակերգութիւն մըն էր, որուն միջոցով ազատագրման մասնակցող ուժերն իրենք զիրենք ոգեւորեցին այն բանէն ետք, երբ Սուրիոյ բանակը հասաւ այն շրջանները, որոնք «կարմիր գիծ» կը համարուէին, միաժամանակ
հաստատելով, որ բանակը պիտի շարունակէ յառաջանալ, մինչեւ ազատագրէ ամբողջ Ռաքքան ու սուրիական բոլոր հողերը: