Ռաքքայի մէջ Ամերիկեան բռնագրաւման դէմ ժողովրդական դիմադրութիւնը ընկերային ցանցերու վրայ զեկոյց մը տարածած է, ուր յայտարարած է, որ հիւսիսային Ռաքքայի Այն Իսա քաղաքին մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերու կեդրոնատեղիին ուղղութեամբ երկու հրասանդ արձակած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ»ը:
Պատերազմական լրատուութեան համաձայն, ժողովրդական դիմադրութիւնը իր յայտարարութեան մէջ խոստացած է շարունակել Ամերիկեան բռնատիրական ուժերու թիրախաւորումը, մինչեւ սուրիական հողերու ամբողջական ազատագրումը:
Նշենք, որ Ռաքքայի շարք մը բնակիչներ 28 մարտին, արձանագրուած զեկոյցով մը հանդէս եկած էին, ուր Սուրիոյ դրօշը բարձրացնելով յայտարարած էին Ռաքքայի մէջ ԱՄՆ ուժերու դէմ ժողովրդական դիմադրութեան կազմաւորման մասին: