image

«Քորոնա»ի հարցով կարեւոր միջոցառում. Արգելքներ դրուած են դէպի ՀՀ բանակի զօրակայաններ այցելութեան

«Քորոնա»ի հարցով կարեւոր միջոցառում. Արգելքներ դրուած են դէպի ՀՀ բանակի զօրակայաններ այցելութեան

Տարածաշրջանին, մասնաւորապէս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած նոր Քորոնա ժահրի հիւանդութեան դէպքերուն հետ կապուած, Փետրուար 25-էն ՀՀ ԶՈՒ բոլոր զօրամասերուն մէջ կ՛արգիլուի զինծառայողներու ծնողներուն եւ հարազատներուն այցելութիւնները, պարտադիր ժամկետային զինծառայողներու բոլոր տեսակի արձակուրդներն ու ազատ արձակումները, որոնց մէջ նաեւ վերականգնողական (բուժական) արձակուրդներու տրամադրումը (բացառութեամբ՝ «Ես Եմ» ծրագիրով զինուորական ծառայութիւն ընող զինծառայողներուն), կ՛ըսուի ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ կանխարգելիչ ձեռնարկումները նպատակ ունին կանխել Քորոնա ժահրի հիւանդութեան ներթափանցումը զօրամասեր, հնարաւորին չափ ապահովագրել զինծառայողները վարակուելէ եւ անհրաժեշտութեան պարագային ճիշդ կազմակերպել հակահամաճարակային գործողութիւնները:

Կը յորդորենք բոլոր զինծառայողներու հարազատներուն զերծ մնալ զօրամասեր այցերէն, գիտակցաբար մօտենալ ձեռնարկուող միջոցառումներուն, քանի որ անոնք կը բխին զինծառայողներու շահերէն»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։