Յառաջիկայ կիրակի, 20 մարտին Քեսապի մէջ յուշակոթողի բացում պիտի կատարուի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քեսապի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Քեսապի 3 տեղահանութիւններու յիշատակին (1909,1915,2014) տեղի ունենալիք միջոցառումը կազմակերպուած է Քեսապի հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ կողմէ եւ յուշակոթողը պիտի զետեղուի Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: