Ամերիկեան «Bloomberg» լրատուական գործակալութիւնը Սէուտցի թագաժառանք Մուհամմատ Պըն Սալմանի ԱՄՆ այցի մասին զեկոյց մը հրապարակած է, նշելով, որ ան կ'իրականացուի անոր կողմէ տնտեսական բարեփոխումներու ծրագրերու յապաղման եւ Եամանի մէջ պատերազմի թէժացման լոյսին տակ:
Գործակալութիւնը կը նշէ, որ Պըն Սալման ԱՄՆ նախագահ Թրամբին հետ պիտի հանդիպի 20 մարտին (այսօր), առաջին անգամ ըլլալով՝ Աշխարհի խոշորագոյն նաւթաարտահանման կեդրոնի՝ Սէուտական Արաբիոյ մէջ «փաստացի կերպով» իշխանութիւնը ձեռք վերցնելէ ետք:
Bloomberg-ը Սպիտակ տան փոխանցմամբ յայտնած է, որ «Այս այցելութիւնը պիտի ամրապնդէ ԱՄՆ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները, որու շրջածիրէն ներս Պըն Սալման ընթրիքի մը շուրջ հանդիպում պիտի ունենայ Ազգային Անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Հարպըրթ Ռայմոնտ Մաքմասթըրին հետ, քննարկելու համար 35 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարքներու, երկու երկիրներու շահերուն դէմ Իրանի ներկայացուցած սպառնալիքին, ինչպէս նաեւ Եամանի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի շուրջ:
Գործակալութիւնը նաեւ տեղեկացուած աղբիւրին համաձայն նշած է, որ կը նախատեսուին հանդիպումներ՝ Պըն Սալամանի եւ «Apple»ի եւ «Google»- ի ընկերութիւններու տնօրէններուն միջեւ, ինչպէս նաեւ ֆիլմարտադրութեան ոլորտի մեծագոյն գործաարներուն հետ: