Քիչ առաջ Պոլսոյ մէջ կայացած փակ ժողովի աւարտին ընտրուած են Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութեանը մասնակցող հոգեւորական միաբանները։
Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնեց «Արեւելք»ի Պոլսոյ աղբիւրը։
Կը նշուի նաեւ, որ ընտրութեան վերաբերեալ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս եկած է Պատրիարքարանը եւ այդ հաղորդագրութիւնը պիտի հրապարակենք աւելի ուշ։
Յիշեցնենք, որ Պատրիարքական ընտրութեան պիտի մասնակցին թիւով 119 պատգմաւորներ, որոնցմէ 17-ն հոգեւարականներ են, իսկ Պատրիարքի ընտրութեան ժողովը պիտի կայացուի առաջիկայ չորեքշաբթի օր Գում Գաբու թաղամասին մէջ գտնուող պատրիարքարանէն ներս։