image

Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան օդակայանին մէջ ձերբակալուած է Հիւրրիյէթի Նիւ Եորքի թղթակիցը

Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան օդակայանին մէջ ձերբակալուած է Հիւրրիյէթի Նիւ Եորքի թղթակիցը

Թուրքիա մուտք գործելու ժամանակ Աթաթուրքի անուան օդակայանին մէջ ձերբակալուած է թրքական «Hurriyet» թերթի Նիւ Եորքի թղթակից եւ ներկայացուցիչ Ռազի Ճանիքլիկիլը: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Zaman» թերթը, նշելով, որ յայտնի  լրագրողը ընտանիքին հետ Պոլիս եկած էր արձակուրդը այնտեղ անցնելու նպատակով: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ճանիքլիկիլի ձերբակալութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ կապուած է ընկերային ցանցերու վրայ անոր թողարկած գրառումներուն եւ աշխուժ գործունէութեան համար:

Լրագրողը վերջին շրջանին յաճախակի գրառումներ կատարած է թուրք մեծահարուստ Ռեզա Զարրապի` ԱՄՆ-ի մէջ շարունակուող դատավարութեան վերաբերեալ: Նշենք, որ 17 դեկտեմբեր 2013-ին երկրի մէջ պայթած կաշառակերութեան հարցի արդիւնքով ձերբակալուած եւ քանի մը ամիս ետք ազատ արձակուելէ ետք Ռեզա Զարրապը հեռացած էր Թուրքիայէն:  Մամուլի մէջ շրջանառուող լուրերու համաձայն, Զարրապը, համատեղ առեւտրային ծրագիրներ իրականացուցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ընտանիքի անդամներուն հետ:

Թրքական մամուլի մէջ յայտնուած նոր տեղեկութիւններու համաձայն` ժամեր առաջ դատախազութեան մօտ ցուցմունք տալէ ետք Ճանիքլիկիլը ազատ արձակուած է:

Մինչ ՄԱԿ-ի Լրագրողներու միութիւնը (UNCA) իր հերթին քննադատական յայտարարութիւն տարածած է ձերբակալութեան առնչութեամբ, ուր կ'ըսուի՝ «Այսօր Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է թրքական մետիադաշտի մէջ գործող Hürriyet թերթի լրագրողը՝ ընկերային ցանցերու մէջ թուրք պաշտօնեաներու վերաբերեալ ըրած գրառումներուն պատճառով: UNCA –ն այս իրողութիւնը մամուլի ազատութեան մտահոգիչ ոտնահարում կը համարէ»: