image

Պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ Մենախօսութիւն մը ներկայացուցած է

Պոլսահայ   լրագրող Հայկօ Պաղտատ Մենախօսութիւն մը ներկայացուցած  է

Պոլսահայ    յայտնի լրագրող ՝ Հայկօ Պաղտատ    մենախօսութիւն մը  ներկայացուցած է: Այս  մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ  ներկայացուած մենախօսութեան  նիւթը նուիրուած եղած է  Պոլսոյ մէջ   ծնած եւ ապրած հայերու  ընդհանուր  կենցաղին եւ  ապրելակերպին:  Պաղտատ իր  գործով կրցած է  ներկայացնել Պոլսոյ մէջ որպէս հայ մանուկ, հայ պատանի, հայ երիտասարդ ըլլալու եւ Թուրքիոյ մեծ հաւաքականութեան մէջ որպէս փոքրամասնութիւն ապրելու իրավիճակը:  Ան հումորի եւ  ծիծաղելի հակասութիւններ ներկայացնող պատկերներու  ընդմէջէն փորձած է հանդիսատեսներու մտքերուն   մէջ   հարցադրումներ ստեղծել: