image

ՊՆ նախարարը ներկայ եղաւ ՀՀ Բանակի յատուկ նշանակութեան կին ծառայողներու փորձերուն

ՊՆ նախարարը ներկայ եղաւ ՀՀ Բանակի յատուկ նշանակութեան կին ծառայողներու փորձերուն

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը 26 փետրուարին ներկայ գտնուած է կանանց համար յատուկ մշակուած ձեռնամարտի հնարքներու ցուցադրութեան։ Այս մասին յայտած են ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

ՀՀ ԶՈՒ յատուկ նշանակութեան ջոկատի գրոհային խումբը համալրած առաջին կին զինծառայողները պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարին ներկայացուցած են համալիր պարապմունքներու ընթացքին ձեռք բերած գործնական հմտութիւնները՝ դանակով յարձակում, պաշտպանութիւն եւ մարտավարական այլ յատուկ հնարքներ:

Նշելով, որ կը սիրեն ընտրած մասնագիտութեան խորհրդաւորութիւնն ու գաղտնիութիւնը, կին զինծառայողները վստահեցրուցած են, որ ֆիզիքապէս ու հոգեբանօրէն պատրաստ են տղամարդոց հետ հաւասար յաղթահարելու որեւէ փորձութիւն եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, մարտի դաշտին մէջ կատարելու յատուկ նշանակութեան խնդիրներ։ Յատուկ նշանակութեան ջոկատի գեղեցիկ սեռի ներկայացուցիչներն իրենց առջեւ նպատակ դրած են աւելի կոփուիլ, իւրացնել նոր հմտութիւններ եւ ըլլալ լաւագոյնը, հասնիլ մասնագիտական բարձունքներու։