«Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) զինեալները Թոնտրակ սարի շրջանին մէջ կտրած են իրանեան համարանիշներով 5 բեռնատարի ճանապարհն ու հրկիզած են զանոնք: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Haberler» լրատուական կայքը, տեղեկացնելով, որ քիւրտ գրոհայինները նախապէս կանգնեցուցած են բեռնատարները եւ սկսած են PKK-ի քարոզչութիւն ընել: Այնուհետեւ այրած են բեռնատարներն ու նահանջած են դէպի մօտակայ լեռնային գօտի: Թուրք ուժայինները անոնց յայտնաբերելու ուղղութեամբ գործողութիւններ իրականացուցած են:
Աղբիւրը տեղեկութիւններ չի հաղորդեր վիրաւորներու եւ սպաննուածներու մասին: Փոխարէնը կը յիշեցնէ, որ 24 մայիս 2016-ին քիւրտ զինեալները նոյն վայրին մէջ նմանատիպ յարձակում գործած էին՝ հրդեհելով 12 մեքենա: Այդ ժամանակ սպանուած էր Չալտըրան շրջանի ոստիկանութեան հրամանատարը: Սպանուած էին 2 ենթասպայ եւ 3 պայմանագրային զինծառայող: