26 Յունիսի Ժամը 04:48-ի սահմաններուն, Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան 911 անմիջական կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի մէջ, Եղվարդի խճուղիի՝ Օլիմբաւանի հարեւանութեամբ, գարշիչ (թրաքթոր) մը կ'այրի: Այս մասին յայտնած է shamshyan.com:
Դէպքի վայր ժամանած է հրշէջ-փրկարարական ջոկատը՝ 2 մարտական հաշուարկով: Դէպքի վայր ժամանած են նաեւ Մաշտոցի բաժնի եւ Դաւիթաշէնի բաժանմունքի ոստիկանութեանց անմիջական խումբերը: Ըստ աղբիւրին, թրաքթորը կը պատկանի Դաւիթաշէն վարչական շրջանի բնակիչ՝ Արթուր Ղազինեանին, եւ թրաքթորը միտումնաւոր հրկիզուած է:
Այդ պահը հաստատուած է նաեւ տեսախցիկի կողմէ:
Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժնի հետաքննական բաժանմունքին մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին: