ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան կառավարութեան այսօրուան նիստին յանձնարարած է վերանայիլ պետական մարմիններու կողմէ զբաղեցուած շէնքերու օգտագործման նպատակայարմարութիւնը:
Գործադիր բոլոր մարմիններու ղեկավարներուն վարչապետը յանձնարարած է Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան հետ համատեղ մէկամսեայ ժամկէտի մէջ ուսումնասիրել զբաղեցուցած շէնքային պայմաններու օգտագործման արդիւնաւէտութիւնն ու ներկայացնել համատեղ առաջարկութիւններ՝ տարածքներու յարմարացման եւ առաւել նպատակային օգտագործումը ապահովելու վերաբերեալ: