Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դարձեալ գովաբանած է ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամբը`զայն կոչելով «խելացի մարդ», որ նախագահի իր նոր պարտականութիւններուն մէջ արագ կը կողմնորոշուի: Այս մասին ըստ «tert.am»ի, կը տեղեկացնէ «Daily Mail»` յիշեցնելով, որ նախապէս ալ Փութին Թրամբը կոչած էր «հանճարեղ եւ տաղանդաւոր անձնաւորութիւն»:
Աղբիւրը կ'ընդգծէ նաեւ, որ Փութին նախապէս յոյս յայտնած էր, որ Թրամբի ղեկավարութեամբ աւելի դիւրին կ'ըլլայ վերականգնել ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները: «Թրամբ գործարար եւ ձեռներեց եղած է: Ան արդէն աշխարհի մեծ երկիրներէն մէկուն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարն է: Առեւտուրի ոլորտին մէջ անոր ունեցած մեծ յաջողութիւնները կը վկայեն Թրամբի խելացի ըլլաուն մասին», - ըսած է Փութինը «NTV» կայանին: