Բժիշկ somnologist (Քունի խնդիրներիւ մասնագէտ ) Ալեոնա Կավրիլովան «Վեչերնաեայ Մոսկուա» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ որոնք են քնանալու համար ամենավնասակար եւ վտանգաւոր սովորութիւնները:
Ամենավնասակար սովորութիւններէն մէկը Կավրիլովան համարած է քնանալէն առաջ բջջային սարքերու օգտագործումը եւ հեռատեսիլին առջեւ քնանալը: Բժիշկը յստակացուցած է, որ առկայծող եւ կապոյտ լոյսը կը նուազեցնէ մելաթոնինի մակարդակը, այն հորմոնը, որ կը կարգաւորէ կենսառիթմը եւ, որպէս հետեւանք, պատասխանատու է քունին համար: Քնանալէն առաջ մարտական եւ սուր թեմաներով շարժապատկերներ դիտելը կը ստիպէ օրկանիզմը արտադրելու ճնշուածութեան (stress) հորմոնները, որոնց պատճառով ան կ'աշխուժանայ:
Մասնագէտը խորհուրդ կու տայ քնանալէն առաջ շատ չուտել եւ լիարժէք չընթրել, ինչպէս նաեւ հրաժարիլ քաֆէին պարունակող ըմպելիքներէն, մասնաւորապէս՝ սուրճէն եւ թէյէն: Միաժամանակ պէտք չէ նաեւ քաղցած քնանալ: «Կատարեալ է թեթեւ, առանց ջերմուժի (Calories) սնունդը»,- նշած է ան: Ինչ կը վերաբերի ոգելից խմիչքին, բժիշկը ընդգծած է, որ ոչ մեծ չափաբաժինը կրնայ օգտակար ըլլալ, սակայն անոր մեծ քանակութիւնը կը վատթարացնէ քունի որակը:
Բացի այս բոլորէն, Կավրիլովան հերքած է ուժգին ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութեան օգտակարութիւնը, ինչպէս օրինակ մարզասրահ այցելելը քնանալէն քանի մը ժամ առաջ: Մինչդեռ ոչ մեծ զբօսանքը քնանալէ առաջ, ընդհակառակը, օգտակար է: