image
Հրատապ լուրեր:

Փեթերսպուրկի ահաբեկչութիւնը գործադրողի ինքնութիւնը բացայայտուած է. Խըրխզ 23-ամեայ Ճալալովն է

Փեթերսպուրկի ահաբեկչութիւնը գործադրողի ինքնութիւնը բացայայտուած է. Խըրխզ 23-ամեայ Ճալալովն է

Ըստ Sky News լրատուական կայանին յայնաբերուած է, երէկ Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ ոճրային ահաբեկչութիւն կատարած անձնասպանին ինքնութիւնը, կը գրէ «Հայ Ձայն» լրատուական կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ ան Խըրխըզ արմատներով եւ ռուսաստանեան քաղաքացիութիւն ունեցող 23-ամեայ Ճալալովն է:

 
Կայանը յղում ընելով ռուսաստանեան աղբիւրներու նշած է, որ կայ դէպքին մասնակից երկրորդ ահաբեկիչ մը, որուն մասին մինչեւ այս պահը տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր:


Նշենք, որ Սենթ Փեթերսպուրկի ոճրային երկու պայթումներուն հետեւանքով զոհուած էին 11 անձեր, իսկ վիրաւորեալներուն թիւը անցած է 50-ը:
Մինչեւ այս պահը տուժածներուն մէջ հայեր ըլլալուն մասին տեղեկութիւնները չեն հաստատուած:


Յիշեցնենք, որ ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան, երէկ գրառում կատարած էր տուժածներուն մէջ հայեր ըլլալու հաւանականութեան մասին, սակայն մինչեւ այս պահը այդ տեղեկութիւնները չեն հաստատուած: