image

Փաշինեան կարեւորեց ԱԻՆ-ի աշխատակիցներու ընկերային հարցերու լուծումը

Փաշինեան  կարեւորեց ԱԻՆ-ի  աշխատակիցներու ընկերային հարցերու  լուծումը

Կառավարութեան օրակարգին մէջ արտակարգ իրավիճակներուն արդիւնաւէտ  կերպով հակազդելու, արտակարգ իրավիճակները արդիւնաւէտ կառավարելու հարցը պէտք է ըլլայ մշտական ուշադրութեան կեդրոնին: ԱԻՆ աշխատակիցի օրուան նուիրուած միջոցառման ընթացքին ունեցած ելոյթի ժամանակ այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Կը շնորհաւորեմ ձեզի աշխատանքային այս կարեւոր տօնի կապակցութեամբ: Եւ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այս տարի այս օրը մենք կը նշենք առանձնահատուկ պայմաններով, երբ մենք բոլորս ականատես եղանք հրշէջ-փրկարարներու, փրկարարներու հսկայածաւալ աշխատանքին, որոնք անոնք իրականացուցին ու կը շարունակեն իրականացնել Հանրապետութեան ամբողջ տարածքով: Կրնանք առանց չափազանցութեան արձանագրել, որ այս տարի փրկարար ծառայութեան աշխատողները, մեր հրշէջները իրենց անձնուրաց աշխատանքով կառավարած են այնպիսի ռիսքեր, որոնք կրնային մեր երկիրը եւ ժողովրդին կեցնել բաւականին լուրջ աղետներու առաջեւ: Եւ ես կ՛ուզեմ եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնել  բոլորիդ՝ ձեր կատարած անձնուրաց աշխատանքին համար եւ կ՛ուզեմ յոյս, ցանկութիւն եւ համոզմունք յայտնել, որ առաջիկային ալ այդ աշխատանքի մէջ պիտի ըլլաք նոյնքան նուիրուած: Այո, նոր ժամանակներուն, կապուած կլիմայական փոփոխութիւններու հետ, մենք արտակարգ իրավիճակներու նոր մարտահրաուէրներու առաջեւ կեցած ենք: Եւ կառավարութեան օրակարգին վրայ արտակարգ իրավիճակներու արդիւնաւէտ հակազդելու, արտակարգ իրավիճակները արդիւնաւէտ կառավարելու հարցը պէտք է ըլլայ մշտական ուշադրութեան կեդրոնը: Կառավարութիւնը առանձնահատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնէ արտակարգ իրավիճակներու աշխատողներու ընկերային պաշտպանուածութեան եւ երաշխիքներու խնդիրին»,- ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեանը:

Ան յաւելեց, որ  պէտք է առանձնահատուկ ուշադրութիւն դարձնեն ԱԻՆ փրկարար ծառայութեան տեխնիկական հագեցուածութեան խնդրին: «Եւ այս առումով մենք պէտք է նոյնքան մեծ ուշադրութիւն դարձնենք արտակարգ իրավիճակներու նկատմամբ մեր քաղաքացիներու իրազեկուածութեան մակարդակի բարձրացմանը:  Եւ ինչքան ալ մենք արձանագրենք, որ կլիմայական փոփոխութիւնները կը մեծցնեն արտակարգ իրավիճակներու ռիսկերը, միեւնոյն ժամանակ պէտք է արձանագրենք, որ այդ ռիսկերը կը դառնան մարտահրաուէր բացառապէս մարդկային գործոնի բերումով: Եւ այս առումով, կը կարծեմ, ԱԻՆ փրկարար ծառայութեան կարեւոր առաքելութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ հանրութեան շրջանին մէջ իրազեկուածութեան բարձրացումը, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի կարողանայ ամբողջութեամբ գիտակցիլ, թէ իր՝ առաջին հայացքէն  անմեղ թուացող պահուածքը ինչպիսի ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Եւ մենք առաւել մեծ ռեսուրսներ եւ ժամանակ պիտի ծախսենք այս խնդիրի լուծման համար, որովհետեւ կանխարգելման աշխատանքներ իրականացնելը միշտ ել աւելի արդիւնաւէտ է, պակաս ծախսատար եւ աւելի կարեւոր»,- նշեց ՀՀ վարչապետը:

Փաշինեանին խօսքով՝ շատ կարեւոր է ընդգծել, որ ծառայութեան դերը ամէն օրուայ հետ կը մեծանայ նաեւ առօրեայ կեանքի ընթացքին, որովհետեւ, ցաւոք, մեր երկրին մէջ բազմաթիւ աւտովթարներ տեղի կ՛ունենան, կենցաղային բազմաթիւ իրավիճակներ տեղի կ՛ունենան, որտեղ քաղաքացիները կը դիմեն փրկարարներու օգնութեանը: «Եւ շատ կարեւոր է արձանագրել, որ այս ողջ տարիներու ընթացքին փրկարար ծառայութեան վարկանիշը, վստահութեան մակարդակը հանրութեան շրջանին մէջ երթալով անընդհատ եւ անընդհատ մեծցած է: Եւ այս կը կարծեմ ձեր կատարած աշխատանքի ամենակարեւոր գնահատականն է: Եւ պէտք է արձանագրել, որ քաղաքացիներեւ, հանրութեան վստահութիւնը այն ամենակարեւոր արժէքն է, որը ձեռք բերելը չափազանց դժուար է եւ կորսնցնելը չափազանց դիւրին: Այս առումով ես համոզուած եմ, որ դուք պիտի շարունակէք ձեր նուիրական ծառայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ անոր ժողովրդին»,- ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեանը: