image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութ.Էշրաֆիէի շրջանի քրիստոնէական դպրոցը կ'արգիլէ զարդախաչ կրելը. Պատճառը կը մնայ անյայտ

Պէյրութ.Էշրաֆիէի շրջանի   քրիստոնէական դպրոցը կ'արգիլէ զարդախաչ կրելը. Պատճառը կը մնայ  անյայտ

Պէյրութի քրիստոնէաբնակ Էշրաֆիէ շրջանի  «Զահրէթ Ալ Իհսան» քրիստոնէական  (յոյն  ուղղափառներու)  դպրոցը տարածաշրջանին մէջ կ'առանձնանայ սերունդներուն քրիստոնէական բարձր արժէքներով օժտելու իր հետեւողականութեամբ:

Սակայն այլ է պատկերն այսօր: «Lebanon Debate» կայքի փոխանցմամբ, դպրոցի նորանշանակ տնօրէնութիւնն այլ մօտեցում որդեգրած է: Դպրոցը միանալով երեք այլ ուղղափառ  դպրոցներու, վերջիններուս հետ կազմած է ուսումնական միացեալ հաստատութիւն մը՝ «Eduvation» անունով:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ աշակերտներու ծնողները դժգոհութիւն յայտնած են Հայր Տիմասի գլխաւորութեամբ տնօրէնութեան քայլին դէմ, որ դպրոցէն ներս կ'արգիլէ ամէն տեսակի կրօնական խորհրդանիշներ կրելը, հակառակ անոր, որ դպրոցը յոյն ուղղափառներու  Անտիոքի պատրիարքարանին կը պատկանի:

Ծնողները ապարդիւն ջանքեր ի գործ դրած են տնօրէնութեան հետ լեզու գտնելու համար, փորձելով համոզել, որ վերջինս ետ կանգնի իր որոշումէն, սակայն պատասխանը եղած է՝ «Չէք հաւնիր, դուրս բերէք ձեր երեխաները» արտայայտութիւնը:

Միւս կողմէ ծնողներուն զայրոյթ  առաջացուցած է դպրոցէն ներս բջիջային հեռախօսներն ու համացանցային կապը չարգիլելու տնօրէնութեան որոշումը, որ կրնայ երեխաները շեղել ուսման հետեւելէն: