image

Պէյրութահայ Երիտասարդը Կը Դիմէ Արամ Ա. Վեհափառին «Իբր մեծ հայր, Լիբանանի ժողովուրդդ Արցախ տեղափոխէ»

Պէյրութահայ Երիտասարդը   Կը Դիմէ  Արամ Ա. Վեհափառին «Իբր մեծ հայր, Լիբանանի ժողովուրդդ  Արցախ  տեղափոխէ»

Պէյրութահայ  Հրայր  Արապսէսեան  այսօր  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Գահակալ  հայրապետին կոչով  մը դիմած է:  Ան  իր գրառումը կատարած է   Անթիլիասի  կաթողիկոսարանի   հովանիով  գործող  «Կիլիկիա Թի. Վի.» Ֆէյսպուքեան էջին վրայ:   Հրայրի նամակը յաւելեալ   բացատրութիւններու չի կարօտիր եւ զայն կը հրապարակենք,  անոր ցուցաբերած ազգային   բարձր ոգիին եւ    անկեղծ  մօտեցումներուն համար:   Մնացեալը կը թողունք   մեր ազգային բարձր մարմիններու եւ  ընթերցողներու հայեցողութեան: Ստորեւ նամակը ՝

«Այս ամէն ըսածներուդ հետ ենք Վեհափառ հայր: Արցախը մերն է, մենք՝ Արցախին: Արդեօք ի՞նչ պիտի ընենք ասկէ աւելի Լիբանանի մէջ: Իբր մեծ հայր, հայ ազգը  եւ մանաւանդ  Լիբանանի ժողովուրդդ հաւաքէ   եւ մեզ գալիք 10 տարիներուն  ընթացքին  Արցախ տեղափոխէ: Այդ դրամները, որ կը տրամադրուի ձեզի՝ վանքերը պալատ դարձնելու կամ եկեղեցիներ կառուցելու օտար երկրի մէջ, դուք կարող  էք   մեր հայ ընտանիքները  Արցախ տեղափոխել եւ այդ լումաներով   շարունակ կը հզօրանայ Արցախը: Ես անձամբ պատրաստ եմ իմ ընտանիքովս փոխադրուիլ եւ ունիմ 2 մանչ,  բայց աւաղ կարողութիւն չկայ: Ի՞նչ ենք ընելու օտար երկրի մէջ ասկէ աւելի: Աշխատում ենք օտարի քով, հարստացնում ենք օտարներին օտար երկրի մէջ, ինչո՞ւ չապրինք մեր Արցախ երկրի մէջ եւ պայքարինք մինչեւ մահ: Կը խնդրեմ ձեզմէ վեհափառ հայր եւ ամենայն յարգանքով իմ ըսածը նկատի առնէք: Եթէ 100 տարի եւս մնանք օտարութեան մէջ   ամբողջութեամբ պիտի  ձուլուինք:  Այսօր ժամն է համախմբելու հայ ժողովուրդը Արցախի մէջ»: