Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան միջազգային օդակայանը երէկ կէսգիշերին դադրեցուց իր գործունէութիւնը։
Այս մասին լուրը հաղորդեց LBCI կայանը նշելով նաեւ, որ օդակայանը այսուհետեւ պիտի չընդունի քաղաքացիական ոչ մէկ թռիչք, իսկ բեռնատար կամ առանձնայատուկ առաքելութիւն ունեցող օդանաւերը Պէյրութ պիտի ժամանէն ստանալէ ետք միայն վարչապետ Տիապի համաձայնութիւնը։
Կը նշուի նաեւ, որ 2006 թուականի «յուլիսեան պատերազմ»էն ի վեր այս առաջին անգամն է, որ Պէյրութի օդակայանը կը փակէ իր դռները։
Ի դէպ Պէյրութի օդակայանի համակարգի գլխաւոր ընկերութիւն համարուող լիբանանեան MEA օդանաւային ընկերութեան տնօրէն Մոհամմատ Ալ Հութ օդակայանի փակման մասին խօսելով նշեց, թէ ինք վստահ է, որ այս փուլը եւս պիտի անցնի եւ MEA-ը առաջուան նման պիտի շարունակէ իր երթը եւ անոր օդանաւերը դարձեալ պիտի սաւառնին երկինքին մէջ։