«Ռատար սքուպ» կայքէջը նշեց, որ աննախադեպ անվտանգութեան տարածում տեղի ունեցած է Ուրբաթ երեկոյեան Համրա թաղամասի փողցներուն մէջ: Այնտեղ տեսնուած են ներքին անվտանգութեան ռազմական մեքենաներ եւ ռազմական բեռնատարներ:
Բարձրաստիճան անվտանգութեան աղբիւր մը կայքէջին յայտնած է, որ ներքին անվտանգութեան եւ արտակարգ իրավիճակի ուժերը եւ շարք մը անվտանգութեան խմբաւորումներ Համրայի շրջանին մէջ կը գործադրեն անվտանգութեան յանկարծակի ծրագիր Պէյրութի ոստիկանապետի հրահանգով՝ հեռացնելու բոլոր մուրացկաններն ու շրջիկ վաճառողները:
Աղբիւրը աւելացուցած է, որ նախնական տուեալներովկալանաւորուած են 75 անձեր կան, որոնց մէջ կան նաեւ երեխայ մուրացկաններ: