«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունեանը
-Ուրբաթ օր լոյս տեսած «Ակօս»ի մէջ լոյս ընծայուեցաւ մեղադրական նիւթ մը, ուր բացայայտ կերպով կ'ըսուէր, թէ Պոլսոյ Պատրիարքարանը մեծագումար յատկացում մը կատարած է հայկական մամուլի երկու գլխաւոր ներկայացուցիչներուն, խօսքը անշուշտ «Մարմարա» եւ մասնաւորապէս «Ժամանակ» օրաթերթի մասին է. այս լուրը նաեւ տարածուեցաւ հայրենի լրահոսին մէջ, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք եւ ի՞նչ ունիք ըսելիք ձեզի ուղղուած այս մեղադրանքին առընթեր:
Պոլսահայ համայնքին մօտ աւանդութիւն է, որ Սուրբ Զատկի տօնին Պատրիարքական Աթոռը հրապարակէ իր տարեկան հաշուեկշիռը եւ տարեկան պիւտճէին մասին բացատրութիւններ փոխանցէ ժողովուրդին : Այս տարի ալ նոյնը եղաւ, Պատրիարքարանի 2017 թուականի պիւտճէի վերաբերեալ մանրամասնութիւնները ներկայացուեցան համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, գրաւոր ձեւով մատուցուեցան նաեւ մամուլին եւ այդ բոլորը մամուլի մէջ ալ լոյս տեսան: Ի միջի այլոց պիւտճէի հակակշռին ժամանակ բաւական հետաքրքրական թուային տուեալներ ալ մատուցուեցան համայնքի ընդհանուր ընթացքին մասին: Նկատի ունենալով, որ այս տարի Արամ Արք. Աթէշեան վերստին պատրիարքարանի ղեկը ստանձնեց, նաեւ Զատկին տօնական ընդունելութեան կը նախագահէր, իր գլխաւորութեամբ հրապարակուեցան տուեալներ եւ այնտեղ թէ՛ հաշուապահները եւ թէ՛ սրբազանը ինքը պատասխանեցին հնչած հարցումներուն:
Այս բոլորը պատրիարքարանի կողմէ հրապարակուած, պատրիարքարանի աղբիւրներու կողմէ պաշտօնապէս հանրային կարծիքին մատուցուած տուեալներ են եւ խնդրոյ առարկայ լրատուամիջոցը, որ ներկայիս այս արտասովոր երեւոյթի տպաւորութիւնը ստեղծել կ'ուզէ, նաեւ կարելիութիւնը ունեցած է նոյնինքն պատրիարքարանի աղբիւրներէն յաւելեալ տեղեկութիւն քաղելու, հետեւաբար շատ թափանցիկ երեւոյթի մը մասին է խօսքը:
Ուրեմն, Պատրիարքարանի կողմէ մամուլին տրուած ազդերուն պաշտօնական յայտարարութիւններու բաժնին մէջ այս տարի ընդհանրապէս պիւտճէի յաւելում մը նախատեսուած է եւ այդ յաւելումը անշուշտ ուշագրաւ է, ուշագրաւ է նաեւ այդ ամբողջին մէջ,ըսենք, «Ժամանակ» օրաթերթին մատուցուած գումարը, որովհետեւ այստեղ աւանդութիւն է, որ Պատրիարքարանը հայատառ օրաթերթերու միջոցաւ մեր ժողովուրդին ուղղեալ յայտարարութիւններ կատարէ, զեկոյցներ եւ պատգամները փոխանցէ ու այդ ամբողջին մէջ եղած է գումարներու որոշ տարբերութիւն: Այստեղ պարագան դարձեալ շատ յստակ է, որովհետեւ «Ժամանակ» օրաթերթը տուեալ ժամանակաշրջանին շատ աւելի լայն ծաւալով ծանուցումներ հրատարակած է եւ քանի որ բոլոր թերթերը ունին նաեւ իրենց յատուկ թ՛է ծանուցումներու եւ թէ՛ վաճառքի սակագիները, որոնք երբեք ալ հաւասար ձեւով չեն կրնար ըլլալ, այդ իրավիճակին մէջ գոյացած է տարբերութիւն մը: Այս խնդիրը ուրեմն լրատուամիջոցի մը կողմէ վերածուած է արտասովոր երեւոյթի մը եւ մենք անշուշտ, ինչպէս դուք ալ նկատած էք ձեր հարցումին մէջ, անմիջապէս պատասխանած ենք:
Երեւոյթը այս է, առարկայական կողմը այն է, որ ճիշդ է, տարբերութիւններ կան, ընդհանուր տարբերութիւնը ժողովի ընթացքին Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ բացատրուած է. այդ ճգնաժամային իրավճակին մէջ, երբ Պատրիարքարանի ղեկին մէջ փոփոխութիւններ եղան, տարեսկիզբին Աթէշեան սրբազանն էր, իսկ աւելի վերջ Գարեգին Արք. Պէքճեանը տեղապահի պաշտօնավարութեան շրջան մը ունեցաւ եւ 2018-ն ալ այդ ձեւով դիմաւորուեցաւ եւ աւելի վերջ արդէն դարձեալ փոփոխութիւն մը եղաւ, այս վերիվայրումներու շրջանին մէջ հանրային կարծիքը շատ աւելի յաճախակիօրէն լուսաբանելու անհրաժեշտութիւն մը ստեղծուած է, տրուած բացատրութիւնը այս է եւ ըստ երեւոյթին տրամաբանական է:
Ինչ կը վերաբերի ձեր նշած լրատուամիջոցին կողմէ արտասովոր տպաւորութիւն մը ստեղծելու փորձերուն, գիտէք, Պոլսոյ մէջ այս պահուն բաւական խնդրայարոյց մթնոլորտ մը կայ եւ այդ իրավիճակին մէջ ամէն առարկայական տուեալ, սովորական տուեալ, ամէնէն պարզ իրադարձութիւնը կարգ մը շրջանակներու կողմէ կ'ընկալուի այսպիսի գայթակղութիւն մը ստեղծելու ձգտումով կամ փափաքով: Սա ցաւալի իրադարձութիւն մըն է հաւանաբար եւ մեր բոլորի հասարակաց ցաւն է, մենք չենք կրնար ըսել այսպէս հատուածապաշտական մօտեցումով մը, որ համայնքին միայն շատ լուսանցքի վրայ մնացած սահմանափակ մէկ շրջանակ կայ եւայլն, ճիշդ է իրականութեան մէջ այդպէս է, բայց մենք քանի որ կը ձգտինք պոլսահայ կեանքը ընդհանրապէս իր բնականոն հունին վերադարձնել, այդ առումով մեր մօտեցումները պէտք է ըլլան աւելի լայնախարիսխ:
Լայնախարիսխ մօտեցումի պայմաններով բնականաբար կարելի չէ անտեսել ոեւէ մէկուն վերապահութիւնը կամ խօսքը, բայց այստեղ ուղղակիօրէն հանրային կարծիքը մոլորելու ձգտում մը կայ, այն իմաստով, որ Պատրիարքական աթոռին նկատմամբ շատ աւելի հաւասարակշռուած մօտեցում ունեցող լրատուամիջոները «մուրոտել»ու փորձ մը կայ այստեղ եւ այդ փորձը բնականաբար դատապարտուած է ձախողման, որովհետեւ այսօր պոլսահայ իրականութեան մէջ ներկայ հաւասարակշռութիւններով լայն զանգուածներու մօտ հետզհետէ կ'ամրանայ դիրքը այդ շրջանակներուն, որոնք կողմնակից են աւելի հաւասարակշռուած եւ աւելի ներդաշնակ լուծումներու. նոյն վիճակը մամուլի, լրատուական միջոցներու դաշտին մէջ ալ ի զօրու է, հետեւաբար կան կարգ մը լրատուամիջոցներ, որոնց հրապարակաւ պաշտպանած տեսակէտները հետզհետէ աչքառու կամ ակներեւ կը դառնան յաջս մեր ժողովուրդին, որ չի բանիր այդ տեսակէտները, իրողութիւնը բոլորովին ուրիշ ձեւով կ'ընթանայ, քան այդ լրատուամիջոցին մատուցած ձեւը , հետեւաբար այս իրավիճակին մէջ դժբախտաբար մեր այդ պաշտօնակից բարեկամները ըստ երեւոյթին կը փորձեն հաւասարակշռուած մօտեցումով հանդէս եկած լրատուամիջոցները ինչ որ ձեւով մուրոտել կամ իրենց մօտեցումներուն վրայ ստուեր ածելու համար յարակից լրացուցիչ գործօններ փնտռել եւայլն , իրենց մտադրութիւնները ըստ երեւոյթին սկսած է սահիլ դէպի այդ կողմը :
-Այս առումով նաեւ յատուկ խմբագրական մը ստորագրեցիք թրքերէնով, զայն խորագրելով «Աման տիքքաթ», ի՞նչ էր այդ խմբագրականին բովանդակութիւնը եւ արդեօք մտադի՞ր էք հակազդել այս մեղադրանքներուն, որոնք ուղղուած են յատկապէս «Ժամանակ»ին:
Սա ցաւալի երեւոյթ է, մենք հակուած ենք պաղարիւնութեամբ մօտենալու, բայց նաեւ ինչպէս դուք ալ ըսիք, քանի որ թրքերէնով ալ հրապարակուած էին այդ տուեալները, մենք ուղղակի թրքերէն խմբագրական մը ստորագրեցինք այս հարցին շուրջ, այնտեղ նաեւ կար բարեկամական զգուշացում մը: Այդ «Աման տիքքաթ»ը ունէր այն իմաստը, որ եթէ իւրաքանչիւր ոք, որ հաւաքական կեանքէն ներս իր մօտեցումներուն անհրաժեշտ կամ ակնկալած արձագանգը չի կրնար ապահովել, այդ կէտէն սկսեալ ուրիշ հատուածներու վրայ ձեխարձակման ճանապահ եթէ ընտրէ, սա մեր հաւաքական կեանքին տեսակէտէն իսկապէս վտանգաւոր երեւոյթի մը կը վերածուի, հետեւաբար մենք նախ այդ իմաստով զգուշացումով մը հանդէս եկած ենք ապա նաեւ բնականաբար մենք ալ մեր կողմէ օրակարգի վրայ բերած ենք որոշ խնդրայարոյց հանգամանքներ կամ պարագաներ մեր այս պաշտօնակցին տեսակէտէն, բնականաբար առանց մեղադրական կամ յարձակողական ոճ մը որդեգրելու, բայց ի վերջոյ հրապարակաւ պարտաւորութիւնը ստեղծուած է յիշեցնել կարգ մը հանգամանքներ: Ես չեմ ուզեր այստեղ խորանալ հայրենի լսարանին առջեւ այդ հանգամանքներուն մէջ, սա ի վերջոյ պոլսահայութեան վերաբերեալ ներքին հարց մըն է. հասկնալի է, որ պոլսահայութեան վերաբերեալ նեքին հարցերը վերջին շրջանին շատ մեծ հնչեղութիւն ունին համահայկական հարթութեան վրայ, նաեւ հայրենի լրահոսին մէջ. այսպիսի հարուստ, այսպիսի ճոխ աւանդութիւններով համայնքի մը՝ նման ծանրաբեռնուած խնդիրներով, խնդրայարոց երեսակներով միշտ այսպէս հայութեան օրակարգին վրայ գտնուիլը ցաւալի է, բայց Պոլսոյ մէջ ինչպէս ըսինք աստիճանաբար տագնապը կը յաղթահարուի, բայց այդ տագնապին յաջորդող ժամանակաշրջանին, որ նոր հաւասարակշռութիւններ, ուժերու նոր վերադասաւորումներ կը կատարուին, հասկնալի է, որ նման գայթակղութիւն որոնող շրջանակներ, թերթեր, լծակներ կամ մարդիկ կրնան ըլլալ, մենք այս տեսանկիւնէն կը մօտենանք խնդրին, մեր տեսակէտէն ամէն ինչ բաց է , այսինքն մեզի տագնապեցնող կամ մտահոգեցնող որեւէ խնդիր չկայ եւ ամէն ինչ փաստաթուղթերով յստակ ձեւով յայտնի է եւ պատճառներն ալ, բացի թուանշանային պատճառներէ, այդ թուանշանային տարբերութիւնները ստեղծող հանգամանքներն ալ ըստ երեւոյթին համոզիչ ձեւով հանրային կարծիքին առջեւ են:
Այս ձեւով կրնամ ամփոփել եւ կրնամ ըսել նաեւ, որ թէեւ կը պատահին նման երեւոյթներ, բայց պոլսահայ կեանքը աստիճանաբար խաղաղելու ազդանշաններ տալ սկսած է ի ուրախութիւն մեր բոլորին անշուշտ եւ կը մաղթենք յառաջիկայ շրջանին աւելի շօշափելի իրադարձութիւններու մասին խօսիլ հնարաւոր կ'ըլլայ:
-ի՞նչ տրամադրութիւններ կը տիրեն Պատրիարքարանի մօտ, ի՞նչ եղաւ հակազդեցութիւնը Պատրիարքարանին, որեւէ տուեալներ կա՞ն այդ մասին:
Բացի մեր տուած պատասխանէն, խնդիրը օրակարգի վրայ եկած է պատրիարքարանին մէջ, հազիւ 1-2 օր վերջ տեղի ունեցած խորհրդակցական ժողովին ընթացքին. հետաքրքրական է այդ մթնոլորտը, որովհետեւ այնտեղ պոլսահայ երկու հայատառ թերթերու խմբագիրներն ալ ներկայ եղած են եւ երկու խմբագիներն ալ իրենց տեսակէտները, իրենց մօտեցումները պարզած են այս նիւթին կապակցութեամբ. պարզ է, որ ուշադրութիւնը եղած է մեր վրան, քանիոր այդ տարբերութիւնը գոյացած է ձեւով մը ի նպաստ մեզի, բայց մենք այնտեղ ալ ներկայացուցած ենք մեր հիմնաւորեալ պատճառաբանութիւնները,ժողովականները , խորհրդակցութեան մասնակիցները բնականաբար յարգանքով ունկնդրած են ամէն բացատրութիւն եւ պարզապէս այնտեղ յարմար դատուած է յառաջիկային ընել հետեւութիւններ, իսկ Արամ Արք. Աթէշեան յատկապէս ընդգծած է, որ 2017 թուականը իր ամբողջին մէջ եղած է արտասովոր ժամանակաշրջան մը մեր համայնքի տեսակէտէն, ան անմիջապէս ներկայացուցած է մէկ տարի առաջուան, 2016 թուականի պիւտճէի տուելաները, ըստ որոնց հայատառ մամուլին փոխանցուած ծանուցումներու, աստերու փոխարժէքները արդէն Պատրիարքարանի պիւտճէին մէջ նուազագոյն մակարդակի վրայ է, իսկ քանի որ 2017-ին արտասովոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան եւ Պատրիարքական Աթոռը պարտաւորուեցաւ շատ աւելի յաճախակիօրէն հանրային կարծիքը լուսաբանել, շատ աւելի յաճախակիօրէն մեր ժողովուրդին ուղղեալ կոչերով հանդէս գալ , այդ պատճառով, ըստ Արամ Արք. Աթէշեանի, մամուլին տրուած յայտարարութիւնները խտացան եւ այդ խտացման մթնոլորտին մէջ ալ այսպիսի պիւտճէի բարձրացում մը արձանագրուեցաւ:
-Ներկային ի՞նչ փուլի մէջ կը գտնուի նոր Պատրիարքի ընտրութեան տագնապը:
Պատրիարքական ընտրութեան գործըթնացէն ներս յստակ յառաջընթացի մասին խօսելու համար տակաւին բաւական վաղ է. թէ՛ համայնքին ներքին մթնոլորտին տեսակէտէ, թէ՛ այդ մթնոլորտին բերումով, եւ թէ՛պատկան իշխանութիւններուն հետ մշակուելիք շփումներուն հասունացման տեսակէտէ բաւական վաղ է , բայց մենք կրնանք ըսել պատրիարքական ընտրութեան հասնելու համար համայնքէն ներս հետզհետէ աւելի ամուր կամք մը կը գոյանայ եւ այս անգամ շատ աւելի մարսուած ձեւով եւ շատ աւելի հաւասարակշռուած իրական պատկերին ուղղուած կը զարգանայ այս գործընթացը, տակաւին առաջին քայլափոխերուն մէջ ենք, բայց ըստ երեւոյթին ժամանակի ընթացքին աւելի խաղաղ, աւելի հանդարտ իրավիճակի մը մէջ պոլսահայութիւն ձեռնամուխ կ'ըլլայ իր խնդիրներուն լուծման: