«Ռուսերը զօրակայան չունին Իրանի մէջ»,- այսպէս յայտարարած է Իրանի ԱԳ նախարարութեան նորանշանակ բանբեր՝ Պահրամ Գասէմի: Գասէմի, որ ռազմավարական որակած է Իրան-Ռուսիա համագործակցութիւնը, նաեւ նշած է, որ ռուսական կործանիչները դադրած են օգտագործել «Համատան»ի մօտ եղող օդային խարիսխը: Ռուսական տարբեր աղբիւրներ նոյն խնդրին մասին խօսելովյայտնած են, որ ներկայիս ռուսական օդուժը կարիք չունի օգտագործելու «Համատան»ի մերձ գտնուող «Նոժէհ» օդային խարիսխը: