Պաղտատի մէջ կիրքերը կը մնան վառ. Գրանցուած են տասնեակ զոհեր
Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ զինուած անձանց կողմէ ցուցարարներու վրայ եղած յարձակման հետեւանքով մահացած է առնուազն 25 մարդ: Տուժած է աւելի քան 130 մարդ: Այս մասին կը յայտնէ «Al Arabiya» կայանը:
Զինուած անձանց խումբը մեքենայով մօտեցած է այն հրապարակին, ուր հաւաքուած եղած են ցուցարարները, եւ սկսած է կրակել անոնց վրայ: Կրակահերթը տեւած է քանի մը ժամ: Դեռ յայտնի չէ, թէ ով է կատարուածի պատասխանատուն:
Այս յարձակումը Իրաքի մէջ հոկտեմբերէն սկսած բողոքի ցոյցերու ամենաարիւնալի միջադէպերէն դարձած է: Նշենք, որ քաղաքացիները կը բողոքեն ընկերային-տնտեսական կեանքի դժուար պայմաններէն:
Յիշեցնենք, որ ուրբաթ օր տեղի ունեցած կրակոցէն ասդին մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Դատական մարմիններ կը խօսին դէպքերուն վերաբերեալ դատական գործընթաց սկսելու մասին, սակայն այդ մէկը չօգներ փողոցին վրայ յայտնուած լարուածութեան մեղմացման։