image

Պաղեստինցիները նշեցին «Երկրի օր»ը. Կան տասնեակ զոհեր

Պաղեստինցիները նշեցին «Երկրի  օր»ը. Կան  տասնեակ զոհեր

Պաղեստինի Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով, Երկրի օրուան առթիւ բողոքի ցոյցերու մասնակցած 12 պաղեստինցիներ զիհուած ու 1100 անձ վիրաւորուած է, կը յայտնէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին համաձայն, 30 մարտին Երկրի օրուան նուիրուած բողոքի ցոյցին մասնակցող հարիւրաւոր պաղեստինցիներ մօտեցած են Կազայի եւ գրաւեալ հողերու միջեւ բաժնող փշալարերուն, իրենց ժխտողական դիրքորոշումը յայտնելով Իսրայէլի կողմէ 1976 թուականին պաղեստինեան ընդարձակ տարածութիւններու գրաւման դէմ:

Նշուած է նաեւ, որ հազարաւոր պաղեստինցիներ 5 սահմանամերձ շրջաններու մէջ տասնեակ վրաններ լարած են, պահանջելով թոյլ տալ իրենց հողերէն վտարուած պաղեստինցիներուն վերադառնալ իրենց տուները:

Իսրայէլեան բանակը հրասայլերու, դիպուկահարներու եւ ռումբեր արձակող օդանաւերու միջոցով դիմադրած է ցուցարարները: