image

Պաղեստինցի սպաննած իսրայէլացի զինուորի դատապարտումը հասարակութեան մօտ թեր եւ դէմ մօտեցում առաջացուցած է

Պաղեստինցի սպաննած իսրայէլացի զինուորի դատապարտումը հասարակութեան մօտ թեր եւ դէմ մօտեցում առաջացուցած է

Գալիլիոյ մէջ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Շարիֆ անունով պաղեստինցին սպաննած Իսրայէլացի զինուորի դատապարտումը կիսած է երկրի հասարակութիւնը:Այս մասին լուրը կը փոխանցէ BBC Arabic կայանը նշելով, որ երկու օր առաջ իսրայէլեան դատարան մը յանցաւոր համարած էր 20-ամեայ Էլիոր Ազարիյան:

Նշենք, որ դէպքը պատահած էր անցեալ մարտին, Գալիլիոյ մէջ եւ Ազարիյա դատարանին առջեւ ըսած էր, որ ստիպուած եղած է կրակ բանալ երկու պաղեստինցիներու վրայ, ենթադրելով, որ անոնք մտադիր են անձնասպանական գործողութիւն կատարել:

Մինչ պաղեստինցի սպաննեալին հայրը արդար համարած է Ազարիյան դատապարտելու նախնական որոշումը, Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին  Նաթանիահու իր Դվիթըրեան էջին վրայ գրառում  կատարելով գրած է՝ «Ես կողմնակից եմ  Ազարիյայի  անպարտ արձակման»:

Ըստ Human Rrights Watch կազմակերպութեան, հոկտեմբեր 2015-էն ի վեր իսրայէլեան բանակի կրակով սպաննուած են 150 պաղեստինցիներ, որոնց մէջ եղած են կիներ եւ երեխաներ: