Գալիլիոյ մէջ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Շարիֆ անունով պաղեստինցին սպաննած Իսրայէլացի զինուորի դատապարտումը կիսած է երկրի հասարակութիւնը:Այս մասին լուրը կը փոխանցէ BBC Arabic կայանը նշելով, որ երկու օր առաջ իսրայէլեան դատարան մը յանցաւոր համարած էր 20-ամեայ Էլիոր Ազարիյան:
Նշենք, որ դէպքը պատահած էր անցեալ մարտին, Գալիլիոյ մէջ եւ Ազարիյա դատարանին առջեւ ըսած էր, որ ստիպուած եղած է կրակ բանալ երկու պաղեստինցիներու վրայ, ենթադրելով, որ անոնք մտադիր են անձնասպանական գործողութիւն կատարել:
Մինչ պաղեստինցի սպաննեալին հայրը արդար համարած է Ազարիյան դատապարտելու նախնական որոշումը, Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու իր Դվիթըրեան էջին վրայ գրառում կատարելով գրած է՝ «Ես կողմնակից եմ Ազարիյայի անպարտ արձակման»:
Ըստ Human Rrights Watch կազմակերպութեան, հոկտեմբեր 2015-էն ի վեր իսրայէլեան բանակի կրակով սպաննուած են 150 պաղեստինցիներ, որոնց մէջ եղած են կիներ եւ երեխաներ: