Ամերիկեան պարբերականներ տարածած են երէկ Ֆլորտիտա նահանգին մէջ եղած ոճրագործութեան «հեղինակ»ին պատկերը:
Ան կը կոչուի Նիքոլաս Քրուզ եւ անցեալ տարի վտարուած է վարժարանէն: Կը փոխանցուի նաեւ, որ անոր վտարման պատճառները չեն հրապարակուած:
Քրուզ կրակ բանալով սպաննած է 17 անձեր, որոնց մէջ կան նաեւ դպրոցի աշակերտներ: