image

Նամակ «Արեւելք»ի խմբագրութեան. Գէորգ Եազըճեան

Նամակ  «Արեւելք»ի խմբագրութեան.  Գէորգ Եազըճեան

Սէյյիտ Հասան Նասրալլան հօր ընտանիքով մինչեւ 1975-1976 ապրած է ոչ թէ Քարանթինայի, այլ՝ Նապաայի մէջ: Այդ մասին ինք պատմած է Մանար հեռատեսիլի կայանէն: Այդ պատումին մէջ ան կ՛ըսէ, թէ շրջակայքի հայ պատանիներուն դէմ պատերազմ կը մղէին՝ իրարու վրայ քարեր շպրտելով, աւելցնելով, թէ անգամ մը քար ստացած է իր քունքէն: Այդ պատերազմիկ ախմախներուն մէջ ես ալ եղած եմ եւ քանի մը անգամ նման հարուածներու ցաւը վայելած: Ո՜վ գիտէ, կրնայ ըլլալ, որ Նասրալլային հասած քարը իմ նետածս ըլլայ: Այսօր եթէ հանդիպիմ իրեն, ներողութիւն կը խնդրեմ իմ հաւանական ապուշ արարքիս համար ու կը խնդրեմ իրմէ՝ համբուրել այն ճակատը, որ այդպէս բարձր կը պահէ դիմադրութեան արժանապատուութիւնը ամենուրեք:

Հետեւաբար, յարգելի խմբագրութիւն, կը խնդրեմ Քարանթինան ուղդել Նապաա-ով:

 

Գէորգ Եազըճեան

 

Յ. Գ. Ի դէպ, Նապաա ապրած ու հոն քարոզած է նաեւ սէյյիտ Մուհամմէտ Հիւսէյն Ֆատլալլան: Այդ մասին ի՛նքը՝ սէյյիտը մեզի ըսաւ, երբ 1989-ին իր Հարաթ Հըրէյքի բնակարանին մէջ հանդիպեցանք Սագօ Օգնայեանին եւ Եղիա Նաճարեանին հետ՝ վերջինիս խնդրանքով: