Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին Լիբանան-իսրայէլ սահմանային հատուածին լարուած իրավիճակը կը շարունակուի։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ նախնական տուեալներով «Հըզպալլա»ի զինեալներ թիրախ դարձուցած են իսրայէլեան բանակին պատկանող «Միրքավա» տիպի թանկ մը։ Կը նշուի նաեւ, որ դէպքը շատ հաւանաբար տեղի ունեցած է «Քաֆարշուպա» շրջանին մէջ, եւ մինչեւ այս պահը իսրայէլեան կողմը ոչ մէկ պաշտօնական տեղեկութիւն հաղորդած է եղածին վերաբերեալ։
Իսրայէլեան աղբիւրներ նաեւ կը նշեն, որ վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահույի փոքրացուած ապահովական կառավարութեան արտակարգ նիստ պիտի կայացնէ վճռելու համար յառաջիկայ զարգացումներուն ընթացքը։
Իր կարգին «Հըզպալլա» նոյնպէս լռութիւն կը պահէ եղածին վերաբերեալ եւ մինչեւ այս պահը, ոչ մէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն հրապարակած է։