image

Նախագահական ընտրութիւնները... եւ Լիբանանի քարիւղի ու կազի հարստութիւնը. Վարուժ Թէնպէլեան

Նախագահական ընտրութիւնները... եւ Լիբանանի քարիւղի ու կազի հարստութիւնը. Վարուժ Թէնպէլեան

Շուրջ 2.5 տարուան պարապութենէ ետք, Լիբանան վերջապէս ունեցաւ իր նախագահը՝ նոր հանգրուան մը բանալով այս երկրի պատմութեան մէջ:

Այս իրադարձութեան ի տես, սկսան շրջան ընել զանազան մեկնաբանութիւններ: Մեր ուշադրութիւնը սակայն գրաւեց յատուկ մեկնաբանութիւն-նախատեսութիւն մը, որ մեկնակէտը հանդիսացաւ այս գրութեան:

Ուշագրաւ այդ նախատեսութեան համաձայն, Լիբանանի պատմութեան այս նոր հանգրուանը պիտի բնորոշուի քարիւղի եւ կազի պեղումներով ու բնական այս հարստութեան բաժանումին շուրջ վէճերով (հոս բաժանումը կրնայ ունենալ համայնքային եւ ինչու չէ անհատական բնոյթ, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք որ այս երկրին ղեկավարները «կը ծառայեն իրենձ հայրենիքին»՝ աւատապետական եւ մաֆիական նկատառումներով):

Յամենայնդէպս, անկախ յառաջիկայ հանգրուանի քաղաքական հեռանկարներէն, փորձեցինք հարցումներ ուղղել հարցին ծանօթ անձնաւորութիւններու՝ տեղեկանալու համար թէ ճիշդ ինչի մասին է խօսքը: Քարիւղի եւ կազի ի՞նչ տուեալներու մասին կը խօսուի եւ այս հարստութիւնը ի՞նչ անդրադարձ պիտի ունենայ Լիբանանի տնտեսութեան եւ ժողովուրդին վրայ:

15 տարիէ ի վեր, փաստագրուած տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն թէ Լիբանանի մերձափնեայ շրջանները հարուստ են քարիւղով եւ կազով (Oil & Gas): Բազմաթիւ միջազգային ընկերութիւններ արդէն հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են մասնակցելու բազմամիլիոն տոլարներ պահանջող պեղումներուն:

Գիտական առաջին տուեալները քարիւղի գոյութեան մասին երեւան եկան 2002էն 2006ի միջեւ, երբ Բրիտանական Spectrum եւ Նորվեկիական PGS ընկերութիւնները կատարեցին յաջորդական Seismic (ձայնային ալիքներու օգտագործման ճամբով) ուսումնասիրութիւններ Լիբանանի ծովային սահմաններուն մէջ եւ յայտարարեցին թէ երկրաբանական բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի մերձափնեայ շրջանները հարուստ են քարիւղով ու կազով:

Իսկ 2010ին, Մ. Նահանգներու երկրաբանական հետազօտութեան գրասենեակը յայտարարեց, որ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի երկիրներուն ամբողջութիւնը, այս պարագային ծովային տարածութիւնները հարուստ են քարիւղով եւ կազով: Նոյն աղբիւրին համաձայն, Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի եւ Իսրայէլի ծովատարածքին մէջ կը գտնուին 1.7 միլիառ տակար քարիւղ եւ 122 թրիլիոն խորանարդ ոտք օգտագործելի կազ:

Գիտական այս տուեալներէն մեկնելով, նախարարաց խորհուրդը, 2010ին հրապարակեց ծովափանեայ քարիւղի հարստութեան վերաբերեալ թիւ 2010/23 օրինգիծը, որ կ՝առաջադրէ օրէնքներ եւ մարմիններ՝ վերահսկելու եւ կառավարելու այս հարստութիւնը: 2010էն մինչեւ այսօր սակայն, պեղումներու ժամկէտը կը սպասէ քաղաքական համախոհութեան (կամ աւարը բաժնուելու ձեւ մը ճշդող համաձայնութեան):

Առաջին անգամ չէ սակայն որ պեղումներ կը կատարուին Լիբանանի մէջ: 1947էն սկսեալ պեղումներ կատարուած են ցամաքի վրայ՝ ֆրանսացի երկրաբան Լուի Տիւպէրթէի եւ լիբանանցի երկրաբան ժորժ Սապպաղի գլխաւորութեամբ, Պեքաայի Քաա, Լեռնալիբանանի Թալ-Զանուպ, Հարաւի Սոհմոր, Եոհմոր, Ատլուն եւ Հիւսիսի Ապրին եւ Թըրպըլ շրջաններուն մէջ: Այս պեղումները հաստատած են քարիւղի գոյութինը Լիբանանի հողատարածքին մէջ, բայց օրին անոր արտահանման ծախսերը շատ աւելի գնահատուած են քան եկամուտի հաւանականութինը:

Մեր քաղած տեղեկութիւնները վաւերական դարձնելու առաջադրութեամբ, դիմեցինք Լիբանանի Ուժանիւթի եւ Ջրելեկրականութեան նախարարութեան: Նախարարութեան համաձայն եւ հիմնուած Spectrum եւ PGS ընկերութիւններու հաշուարկումներուն վրայ, լիբանանի ծովային տարածքի 10%ին հետազօտութիւնը ցոյց տուած է առկայութիւնը շուրջ 30 թրիլիոն խորանարդ ոտք կազի եւ 660 միլիոն տակար քարիւղի:

Լիբանանի այս նոր հարստութեան օրինկան եւ տնտեսական ծալքերը քննարկելու նպատակով, հանդիպուպներ ունեցանք նաեւ Հարվըրտ համալսարանէն հանրային քաղաքականութեան փորձագէտ Ժորժ Սասինի, քարիւղի օգտագործման վերաբերեալ լիբանանեան օրինագիծերու մշակման եւ ձեւաւորման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած իրաւաբան Մալէք Թաքիէատտինի եւ հանրածանօթ տնտեսագէտ, Պիպլոս Պանքի ուսումնասիրութեանց կեդրոնի տնօրէն Նասիպ Ղոպրիլի հետ:

«Քաջալերելի է լաւատես ըլլալը», ըսաւ Ժորժ Սասին, «բայց լիբանանցիներս, քաղաքայիններ թէ քաղաքագէտներ, պէտք է զգոյշ ըլլանք. բոլոր նախատեսութիւնները կը մնան նախատեսութիւն եւ թերի մինչեւ պեղումներու աւարտը»: «Կը բաւէ տալ Իսրայէլի օրինակը: ճիշդ է որ անիկա արդէն սկսած է արտադրութեան, բայց գտնուած կազն ու քարիւղը երբեք չեն համապատասխաներ նախատեսուած քանակինըսաւ ան:

Ծովափնեայ Քարիւղի Հարստութեան վերաբերեալ թիւ 2010/32 օրինագիծը խորհրդարանին կողմէ վաւերացուեցաւ Յունուար 2011ին: «Օրինական իմաստով, այս օրինագիծը միայն կը վերաբերի ծովափնեայ պեղումներուն եւ յայտանաբերումներուն», ըսաւ մեթր Մալէք Թաքիէատտին: «Այս օրինագիծը ունի 28 ենթաբաժանումներ, որոնք կը վերաբերին օրինագիծի գործադրութեան եղանակին», աւելցուց ան:

18 Ապրիլ 2013ին, ուժանիւթի նախարարութիւնը յայտարարեց որ զատուած են 46 միջազգային ընկերութիւններ՝ մասնակցելու պեղումներու մրցոյթներուն (Tender): Նախարարութիւնը յայտնեց որ անոնցմէ 12ը պիտի ունենան գործառնական (Operator) դերակատարութիւն: Այդ ընկերութիւններն են Anadarko (ամերիկեան), Chevron (ամերիկեան), ENI International (իտալական), Exxon Mobil (ամերիկեան), INPEX (ճաբոնական), Maersk (դանիական), Petrobras (պրազիլական), Petronas (մալիզիական), Repsol (սպանական), Shell E& P Dutch (հոլանտական), Statoil (նորվեկիական) եւ Total (ֆրանսական):

Մրցոյթի (Tender) ամբողջացման համար նկատի առնուած էր մէկ տարի, իսկ պեղումներու համաձայնագիրներու ստորագրութեան համար թուական ճշդուած էր Փետրուար 2014ը: Սակայն, քաղաքական անհամաձայնութիւնները պատճառ դարձան մրցոյթի յետաձգման: Եթէ ամէն ինչ ընթանար ծրագրուածին համաձայն, 2018-20ի միջեւ Լիբանան պիտի դառնար քարիւղ եւ կազ արտադրող երկիր մը, բայց այս բոլորը առայժմ դրուած են մէկ կողմ, հակառակ այն իրողութեան որ նախագահի ընտրութեան զուգահեռ վերստին կը խօսուի այդ մասին:

Օտար ընկերութիւններու հետ ստորագրուելիք համաձայնագրին (Contract) պատճէնը պատրաստ է բայց անոր մանրամասնութինները հանրութեան սեփականութիւնը չեն դարձած տակաւին: Նասիպ Ղոպրիլի համաձայն, «մասնագէտներ կ'ըսեն թէ պեղումները ծաղսալից են եւ մրցոյթները (Tender) շահած ընկերութիւնները պարտաւոր են կազմելու միութիւններ (Consortiums), կէտ մը որ ճշդուած է համաձայնագրին (Contract) մէջ: » «Նկատի ունենալով պեղումներու ծախսը, այդ ընկերութիւնները կ'ակնկալեն ստանալ եկամուտին մէկ կարեւոր համեմատութիւնը», ըսաւ Ղոպրիլ: Նախատեսուած իւրաքանչիւր նաֆթահորի ծախսը կը գնահատուի 100 միլիոն տոլարով:

Լիբանանի մերձափնեայ շրջանները բաժնուած են 10 մասերու (blocks), որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի տրուի քանի մը ընկերութիւններէ բաղկացած միութեան (Consortium), յայտնեց Ուժանիւթի Նախարարութեան պատասխանատու մէկ անձնաւորութիւնը որ խնդրեց չհրապարակել իր անունը: Գիտնականներու համաձայն, ոչ ոք կրնայ նախօրոք ըսել թէ որքան կարելի պիտի ըլլայ արտահանել իւրաքանչիւր նաֆթահորէ եւ կազահորէ: Նոյնիսկ պեղումներու ընթացքին կարելի չէ ճշգրիտ թիւեր տալ: Միայն պեղումներէն ետք կարելի կ'ըլլայ գիտնալ ճշգրիտ քանակը: Ուսումնասիրութիւնները (surveys) կու տան որոշ գաղափար մը, բայց երբե՛ք ճշգրիտ թիւը: Սակայն, ըստ նոյն աղբիւրին, բազմազգեան ընկերութիւններ այսքա՛ն հետաքրքութիւն ցոյց պիտի չտային եթէ նախատեսուած քանակը շահաբեր չըլլար:

Տնտեսագէտներ աւելի պահպանողական տեսակէտ կ'արտայայտեն: Ըստ Ղոպրիլի, «երբ կը խօսինք քարիւղի եւ կազի մասին, միշտ մեր սպասումները սահմանափակ պէտք է ըլլան: Երկրաբանական ուսումնասիրութիւններ կու տան տեսականօրէն հատուցելի մօտաւոր թիւեր: Անոնք երբե'ք չեն կրնալ ճշդել տնտեսականօրէն ստացուելիք իսկական քանակը: Կը գտնուինք սկիզբը երկարատեւ գործընթացի մը», ըսաւ Ղոպրիլ: «Հիմնականը այն է որ ճիշդ ե՞րբ պիտի սկսին պեղումները: Եթէ անոնք սկսին այսօր, իմ կարծիքով, 7-10 տարի պէտք պիտի ըլլայ առեւտրական քանակով քարիւղ արտադրելու համար», աւելցուց ան:

Պեղումները կրնան Լիբանանը վերածել քարիւղ եւ կազ արտադրող երկրի: Այս պարագային, երկիրը կրնայ փակել իր պարտքերը, ապահովել ուժանիւթի իր կարիքները եւ ամրապնդել իր տնտեսութիւնը:

«Եթէ նախատեսութիւնները ճիշդ դուրս գան, տնսեսութեան հեռանկարները պիտի ըլլան շատ փայլուն», ըսաւ Ղոպրիլ: Նախ պիտի դադրինք քարիւղ եւ կազ ներածելէ, ինչ որ պիտի պակսեցնէ պետական պիւտճէին ծախսերը, պիտի սկսինք վճարել աւելի քան 60 միլիառ տոլար գնահատուած մեր պարտքերը եւ եկամուտին մէկ մասը պիտի կարենանք գործածել երկրին վերաշինութեան եւ բարգաւաճման համար», աւելցուց ան:

Սասին կը բաժնէ Ղոպրիլի մօտեցումը, բայց մտահոգութիւն կը յայտնէ որ այս մեծ բարիքը կրնայ վերածուիլ չարիքի, եթէ փտածութիւնը տարծուի նաեւ այս մարզին մէջ:

«Բնակաօրէն, Լիբանան պիտի ստանայ եկամուտի իր բաժինը, բայց անիկա կախեալ է երեք տուեալներէ», ըսաւ Սասին: «Առաջին ազդակը տնտեսականօրէն արտահանուած եւ ծախու դրուած քարիւղին եւ կազին քանակն է: Երկրորդը, Լիբանան ինչպէ՞ս պիտի կարենայ մուտք գործել քարիւղ արտադրող երկիրներու արդէն իսկ բաւական բարդ շուկային մէջ: Ասիկա կ՝ենթադրէ գիտական ծրագրում, քարիւղի եւ կազի ամբարման կեդրոններու ստեղծման յստակ քաղաքականութիւն եւ ռազմավարութիւն:

Երորդ եւ մեր ընթերցողներու համար ամէնէն կարեւոր ազդակը քարիւղէն գոյացած եկամուտի հարցն է: Ի՞նչ պէտք է ընել որ քարիւղը եւ անկէ գոյացած եկամուտը չի կողոպտուին կամ «չի սիֆոնուին», ինչպէս պիտի նախընտրէր ըսել ժողովուրդը: Ասիկա լուրջ մտահոգութիւն է, շարունակեց Սասին, որովհետեւ փաստուած իրողութիւն է որ Իրաքի եւ Նիճերիոյ մէջ, քարիւղի արտադրութեան 40-50 առ հարիւր համեմատութիւնը կը ծախուի սեւ շուկայի մէջ:

Քարիւղ «սիֆոնելը» դժուար պիտի չըլլայ եթէ վերահսկիչ եւ հաշուառու մարմիններ չի յառաջանան, մանաւանդ արտահանումի հանգրուանին, երբ ճշգրիտ քանակը պէտք է յայտարարուի հանրութեան: Երբ ծածկուի արտահանումի ճշգրիտ քանակը, կը պնդէ Սասին, վստահ կ՝ըլլանք որ փտածութիւնը մուտք գործած է հոն:

Իսկ ի՞նչ է կարծիքը Ուժանիւթի Նախարարութեան: Մեր աղբիւրը, որ ինչպէս ըսինք, չուզեց հրապարակել իր անունը, յայտնեց որ քարիւղէն եւ կազէն գոյացած եկամուտը պիտի բաժնուի բազմազգեան ընկերութիւններուն եւ Լիբանանի միջեւ: «Լիբանանի բաժինով պիտի ստեղծուի անձեռնմխելի հիմնադրամ մը եւ պահ պիտի դրուի ապագայ սերունդներուն համար: Պարտքերը պիտի վճարուին տնտեսութեան զարգացման արդիւնքով գոյացած եկամուտէն եւ ոչ թէ քարիւղի եկամուտէն», ըսաւ ան:

Անձեռնմխելի այս հիմնադրամը սակայն, տակաւին չէ ստեղծուած հակառակ անոր որ 2010/23 օրինգիծը կը պարտաւորէ անոր ստեղծումը:

«Տակաւին յստակ չէ թէ ով պիտի հովանաւորէ այս հիմնադրամը: Պէտք է մշակել անջատ օրինագիծ մը որ ըլլայ թափանցիկ եւ գործնական», ըսաւ իրաւաբան Մալէք Թաքիէտտին:

Այլ խօսքով, մինչեւ հիմա յստակ չէ, թէ քարիւղէն եւ կազէն գոյացած գումարը ի՞նչպէս պիտի գործածուի...

 

Վարուժ Թէնպէլեան

 

Յատուկ՝  «Արեւելք»ին