image

Խաղաղ գարնան աղերսով

Խաղաղ գարնան աղերսով

Ոչինչ կրնայ արգելք հանդիսանալ, եթէ բնութիւնը որոշէ ծաղկիլ: Այսօր՝ ճամբուս վրայ կը տեսնեմ բազմաթիւ մեղուներ, որոնք մասնաւորաբար լաւանտի  (lavender) թուփերուն վրայ կը վխտան: կ՚անցնիմ անոնց կողքէն առանց զգուշանալու հաւանական խայթոցէն,  ընդհակառակը՝ կ՚ուրախանամ կանխատեսելով անոնց պատուաստած ծաղիկներուն տալիք պտուղները եւ անարատ մեղրի քանակը: Բնութիւնը շատ բարի, խորհրդաւոր ու գեղեցիկ է: Թէեւ այս հեւքոտ դարը այլ հետաքրքրութիւններ կը պարտադրէ, բայց ես տակաւին ծաղիկներով ու մեղուներով կը ներշնչուիմ եւ ամենադոյզն հաճոյքներով կը բաւարարուիմ:

Շուրջս ամէն բան ակնահաճոյ ու գեղեցիկ է՝ խնամուած պարտէզներ, երփներանգ  վարդեր, ծաղկած ծառեր, սակայն կուրծքիս վրայ ծառացող ցաւն ու բարկութիւնը կը գերիշխեն ամէն տեսակի երեւոյթները: Պատերազմներուն ստեղծած դառնութիւնը կը խափանեն բնութեան պարգեւած գեղեցկութիւնն ու մօտալուտ գարնան հետ ժամանող՝ վերանորոգման յոյսը:

Այսօր Միջին Արեւելքը «արիւն կու լայ», առաւելաբար ծննդավայրս՝ Լիբանանը, որ շարունակական քաղաքական հրդեհներով ու քանդումներով, ամիս մը ետք կ՚ամբողջացնէ իր յիսունմէկերորդ տարեդարձը: Տարուէ- տարի ծաւալող վայրագութիւնը, անկուշտ ու անսանձ ախորժակները, անխոհեմ ու անզուսպ քայլերը երկիրը վերածեցին մշտավառ խարոյկի, իսկ անմեղ բնակիչները՝ զուարակներու:

Շուն մը կողքէս կը հաչէ եւ իր պոչը շարժելով հպարտօրէն կը քալէ: Հոգը չէ, որ իր վզկապը տիրոջը ձեռքին մէջ է, կարեւորը ինք սափրուած, սանտրուած ու կուշտ փորով է: Գլուխը կը թեքէ, կողմնակի ու գորոզ ակնարկով մը համեստիս կը դիտէ։

-Ինչո՞ւ զիս այդպէս կը զննես, անծանօթ շնի՛կ, երեւի սուր հոտառութեամբդ կը զգաս, թէ մօտս ատրենալինի քանակը շատ բարձր է եւ իմ ներաշխարհս վրդովող հարցեր կան կապուած իմ վիրաւոր ծննդավայրիս հետ։ Գիտեմ, որ քեզի համար անըմբռնելի է իմ խռովքս, որովհետեւ քու իմացած ու ապրած խաղաղ աշխարհդ, շատ կը տարբերի իմ նշած աշխարհէս:

Շան հարուստ տեսքը, որ փափկակեցութիւն ու հանգիստ կեանք մը  կը ցոլացնէ, մօտս խոհեր կ՚արթնցնէ ու ես մտքի մէկ ոստումով կը հատեմ Խաղաղական ովկիանոսը եւ կը հասնիմ Միջերկրականի եզրին՝ կրակներու մէջ տուայտող ծննդավայրս՝  Լիբանան: Սիրտս կը ճմլուի, երբ ականատես կ՚ըլլամ հազարաւոր գաղթականներու հոսքին, վրանաբնակ, կամ մայթերու վրայ փռուած  անօգնական դէմքերու՝ մանուկ, պատանի, յղի, երէց ու ծերունի:

Սիրելիներս, որոնք կ՚ապրին «յարաբերաբար խաղաղ» շրջաններու մէջ, մատնուած են յուսահատութեան  եւ կը տագնապին անորոշ ու մռայլ ապագայի հեռանկարով: Վախն ու սարսափը կլանած է բոլորին էութիւնը, իսկ ամէնէն ցաւալին, երբ անոնք կը զգան, որ իրենք անարդար աշխարհի մը մոռցուած մէկ մասնիկն են...: Թշնամին իրեն պարգեւատրուած  լիազօրութեամբ անողոքաբար գրոհներ կը կատարէ եւ քմահաճօրէն կը կոտորէ իրեն անհաճոյ թուացածը: Անդամալուծուած է ամբողջ երկիրը եւ հորիզոնին վրայ շօշափելի ու յուսադրող ելք մը  չերեւնար:  Տարուէ-տարի աւելի կը ծաւալի ու կը հաստատուի՝ «այլոց պատերազմը  Լիբանանի հողին վրայ» սահմանումը: Աստուած ողորմէ անզօր, անպաշտպան ու տնտեսական տագնապներով ընկճուած ժողովուրդին,   մասնաւորաբար՝ վիրաւորին, սգաւորին, հիւանդին, անկեալին, անտէրին ու աղքատին:

Հեռաձայնս կը հնչէ ու կը սթափիմ: Կ՚անդրադառնամ, որ ֆիզիքապէս Լիբանանէն շատ հեռու եմ, բայց երբեք՝ միտքով ու հոգիով:

Չեմ ուզեր երկար գրել  եւ ինչպէս, որ շատերուն մօտ թապու է, շինծու դրականութեամբ յօդուածս աւարտել: Այսօրուան լրատուական աշխոյժ միջոցները բոլորին մատչելի կը դարձնեն ահաւոր եղելութիւնը: Միայն կրնամ մաղթել, որ այս ծանր հանգրուանն ալ բոլորէ վիրաւոր  ծննդավայրս եւ սիրելիներս անվնաս դուրս գան այս աղետալի ու մաշեցնող պատերազմէն: Թող մօտալուտ գարունը աւետէ խաղաղութիւն եւ սեւ ու թունաւոր ծուխերուն փոխարէն՝ ճերմակ աղաւնիներ ճախրեն Լիբանանի երկնակամարին վրայ:

 

Լոս Անճելըս 13 Մարտ 2026

 

 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...