image

Թրամփի վարչակազմը Իրանին առաջարկած է 15 կէտէ բաղկացած հրադադարի ծրագիր. AP

Թրամփի վարչակազմը Իրանին առաջարկած է 15 կէտէ բաղկացած հրադադարի ծրագիր. AP

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Իրանին առաջարկած է 15 կէտէ բաղկացած հրադադարի ծրագիր։ Այս մասին կը հաղորդէ The Associated Press (AP) գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով իրազեկ աղբիւրի։

Նշուած է, որ հրադադարի ծրագիրը Իրանին ներկայացուած է Փաքիստանի միջնորդներու կողմէ, որոնք առաջարկած են հիւրընկալել Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւնները։

Աւելի վաղ The New York Times-ը հաղորդած էր, որ 15 կէտէ բաղկացած ծրագիրը արդէն փոխանցուած է իրանցի պաշտօնեաներուն։

 

Այս ծրագրին մասին տեղեկութիւններու հրապարակումէն առաջ հաղորդուած էր, որ ԱՄՆ զինուած ուժերը կը պատրաստուի 82-րդ օդէն իջեցուող զօրքի բաժանումէն առնուազն 1000 լրացուցիչ զինուոր ուղարկել՝ համալրելու համար տարածաշրջանին մէջ արդէն գտնուող մօտ 50,000 զինծառայողներու շարքերը։

Փենթակոնը նաեւ կ՚իրականացնէ տարածաշրջանին մէջ ծովային հետեւակի երկու արշաւախմբային ստորաբաժանում տեղակայելու գործընթաց, որմէ ետք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պիտի աւելնան մօտ 5000 ծովային հետեւակային եւ հազարաւոր նաւաստիներ։

AP-ի աղբիւրը նշած է, որ իսրայէլցի պաշտօնեաները, որոնք կ՚ուզէին, որ Թրամփ շարունակէ Իրանի դէմ պատերազմը, անակնկալի եկած են ԱՄՆ վարչակազմին կողմէ հրադադարի ծրագրի առաջարկէն։

Սակայն, հաշուի առնելով, որ ԱՄՆ քայլեր կը ձեռնարկէ Մերձաւոր Արեւելք լրացուցիչ զինուորներ եւ ծովային հետեւակներ ուղարկելու համար, այս քայլը կը մեկնաբանուի որպէս Թրամփի կողմէ խաղարկութիւն՝ հետագայ գործողութիւններու ընթացքին իրեն «առաւելագոյն ճկունութիւն» տալու համար։

Սպիտակ տունը չէ արձագանգած այս տեղեկութիւնները մեկնաբանելու հարցման։

Աւելի վաղ Թրամփ յայտարարած էր, որ Իրանի հետ բանակցութիւններ կ՚ընթանան, եւ երկու կողմն ալ կ՚ուզեն համաձայնագիր կնքել։ Իրանի մէջ այս տեղեկութիւնը հերքուած էր։