Սելանիկի քաղաքապետարանին մէջ բացուած է «Յունական եւ հայկական դիցաբանութիւնը երեխաներու աչքերով» ցուցահանդէսը՝ ներկայացնելով հայաստանեան արուեստի դպրոցներու սաներու մօտ 100 ստեղծագործութիւն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Սելանիկի քաղաքապետարանին եւ Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, քաղաքապետարանի մեծ սրահին մէջ բացուեցաւ «Յունական եւ հայկական դիցաբանութիւնը երեխաներու աչքերով» խորագրով ցուցահանդէս մը։ Հոն ներկայացուած են հայաստանեան արուեստի դպրոցներու 5-18 տարեկան սաներու շուրջ 100 ստեղծագործութիւններ։
Բացման ելոյթներով հանդէս եկան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան եւ Սելանիկի փոխքաղաքապետ Սփիրոս Ցելեփիս։ Դեսպանը կարեւոր նկատեց մշակութային այս նախաձեռնութիւնը՝ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութիւնը սերտացնելու եւ զիրար աւելի լաւ ճանչնալու առումով։ Փոխքաղաքապետը իր կարգին ընդգծեց, որ այս միջոցառումը կը նպաստէ յոյն հասարակութեան հայկական դիցաբանութեան աւելի մօտէն ծանօթանալուն, որ այժմ քիչ ծանօթ է։