image

Կեանքը շատ կարճ է զիրար յօշոտելու համար… Վարուժան Չիլինկիրեան

Կեանքը շատ կարճ է  զիրար յօշոտելու  համար… Վարուժան  Չիլինկիրեան

Մեր  կայքի  բարեկամներէն Վարուժան Չիլինկիրեանի կողակիցը՝ Սօսի  Չիլինկիրեան, փրկուած է ստոյգ մահէ։ Այս առթիւ Վարուժան իր դիմատետրի էջով տեղադրած է իր կնոջ՝ Սօսիի ինքնաշարժին բաւական «խօսուն» լուսանկարը ու նաեւ կատարած է գրառում:

Առողջութիւն եւ արագ ապաքինում կը մաղթենք մեր բարեակմներուն.

Ստորեւ՝ գրառումը.

 


Երբեմն այնպէս կը պատահի, որ ամբողջ կեանքի մը ցնցումները կը սեղմուին եւ կը փորձեն յարմարիլ մէկ կարճ օրուան մը մէջ, որու աւարտին չես կրնար հաւատալ եթէ այդ բոլորը իրապէս պատահեցան…

Կարմիր ծովէն Գահիրէ վերադարձի ճամբուն վրայ Սօսիին քշած օդօն , որուն մէջ էին նաեւ Սէլան եւ Լոռին, հակակշիռէ դուրս գալով, գլորուեցաւ:

Ճամբէն վար, աւազներուն վրայ, ինք իր վրայ քանի մը անգամ հորիզոնական, եւ քանի մը անգամ ալ ուղղահայեաց գլորելէ ետք։

Չէք կրնար երեւակայել այն հոգեկան վիճակը, երբ նման արկածէ մը ետք յանկարծ տափակցած ինքնաշարժէն մէկ առ մէկ ողջ դուրս կու գան սիրելիներդ, նուազագոյն վնասուածքներով։

Քանի մը ժամ ետք, երբ թէեւ հիւանդանոցի մը երդիքին տակ եւ վէրքերը կապուած, սակայն կը պատրաստուիս տօնել բոլորով ողջ մնացած ըլլալու ուրախութիւնը, յանկարծ կը ստանաս ծննդավայրդ քանդած աներեւակայելի պայթումի մը լուրը, եւ քու վէրքերդ մոռնալով, կը սկսիս տառապիլ հարիւրաւորներու մահուան եւ հազարաւորներու վէրքերու ցաւով…

Երկու օր Կարմիր ծովու հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ անցընելէ ետք, հիմա արդէն տունն ենք, կայուն վիճակի մէջ։ Չուզեցինք տուն հասնելէ առաջ որեւէ մէկուն լուրը տալ, խնայելու համար ձեր եւ մեր ջիղերը։

Մեր Լիբանանի հարազատներէն ալ ներողութիւն կը խնդրենք եթէ ժամը ժամին չկարողացանք իրենց վիճակին մասին հարցնել։

Իսկ Ֆէյսպուքէն երկար ատեն է որ հեռու եմ, չհանդուրժելով այստեղի իրար հանդէպ եղած անհանդուրժողութիւնը։

Կեանքը շատ կարճ է հաշուուած օրերը զիրար յօշոտելով վատնելու համար…