image

Պոլիս. «Ընկեր» թատերախումբի փայլուն ներկայացումը

Պոլիս. «Ընկեր» թատերախումբի փայլուն ներկայացումը

Թօփգաբուի Լեւոն Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ, օրերս, «Ընկեր» թատերախումբը ներկայացուց «Հետք» խաղը, տոմսակներու վաճառքէն գոյացած գումարը յատկացնելով վարժարանին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝ 

Երէկ երեկոյեան, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում մը, որ կազմակերպուած էր Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ:

Այսպէս, «Ընկեր» թատերախումբը ներկայացուց «İz» խաղը, որ հանդիսատեսներու անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ: Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին դերասանները, որոնց յանձնուեցան յուշանուէրներ:

Նշենք, որ «Ընկեր» թատերախումբը 2025ին բեմ հանած է «Հետք» թատերախաղը, որ մեծ յաջողութիւն արձանագրած է մշակութասէր շրջանակներէն ներս։ Այն մօտէն կ'առնչուի փոքրամասնութիւններու ապրած ողբերգութիւններուն ու լուսարձակի տակ կ'առնէ յատկապէս 6-7 Սեպտեմբերի արիւնալի դէպքերը։