Նաթանիահուի գլխաւորած սպանդի ցանցը, յանուն տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ յանուն մարդկութեան, պէտք է արդէն անյապաղ կասեցուի, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայէպ Էրտողանը։
«Նաթանիահուի գլխաւորած սպանդի ցանցը, յանուն տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ յանուն մարդկութեան, պէտք է արդէն անյապաղ կասեցուի։ Ամէն երկիր այս հարցին մէջ պէտք է ցուցաբերէ քաջ եւ նախաձեռնող դիրքորոշում։
Քանի դեռ աւելի մեծ աւերածութիւններ չեն պատահած, քանի դեռ աւելի շատ արիւն չէ թափուած եւ թշնամանքը աւելի չէ խորացած, ինչպէս նաեւ նախքան համաշխարհային տնտեսութեան մէջ տարիներու վերականգնում պահանջող վնասներու առաջացումը՝ այս անիմաստ եւ անօրինական պատերազմը պէտք է աւարտի։ Պէտք է բացուի երկխօսութեան դուռը եւ արագօրէն սկսի արդիւնաւէտ բանակցային գործընթաց»,– նշած է Թուրքիոյ նախագահը։