Աւելի վաղ «Արեւելք» տեղեկագրած էր, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած համաշխարհային մակարդակի համաժողովին մասնակցութիւն բերելուն մասին։
Նշենք, որ այդ կարեւոր ժողովին վերջին երկու օրերուն մասին հրապարակուած են երկու տարբեր թղթղակցութիւններ, որոնք մեր հարթակով պիտի ներկայացուին յաջորդաբար։
GILPP համաժողով-ի երկրորդ օրը Ժընեւի մէջ շարունակուեցաւ աշխուժ եւ խորքային մթնոլորտի մէջ՝ համախմբելով միջազգային մասնակիցներ ղեկավարութեան, քաղաքական մտածողութեան եւ արդի աշխարհի բարդ մարտահրաւէրներուն շուրջ լուրջ քննարկումներու համար։
Երկրորդ օրուան նիստերը ոչ միայն տեսական անդրադարձներ էին, այլ նաեւ գործնական փորձառութիւններու փոխանակում՝ շեշտադրելով, որ արդիւնաւէտ ղեկավարութիւնը այսօր կը պահանջէ տեսլական, ճկունութիւն եւ մարդակեդրոն մօտեցում՝ դիմագրաւելու արագ փոփոխուող համաշխարհային իրականութիւնը։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Ժընեւի մէջ շարունակուեցաւ Ժընեւի Հանրային Քաղաքականութեան եւ Ղեկավարութեան Հիմնարկի (GILPP) համաժողովի երկրորդ օրը՝ համախմբելով մասնակիցները ղեկավարութեան, քաղաքական մտածողութեան եւ համաշխարհային մարտահրաւէրներու շուրջ խորքային քննարկումներու։
Օրակարգը սկիզբ առաւ Սլովակիոյ նախկին վարչապետ Էտուարդ Հէքըրի եւ Դոկտ. Հենրի Լ. Տինընի ողջոյնի խօսքերով, որմէ ետք տեղի ունեցան նիստեր՝ նուիրուած ղեկավարութեան տարբեր արտայայտութիւններուն եւ քաղաքական գործընթացներուն մէջ անոր դերակատարութեան։ Քննարկուեցան ղեկավարութեան դաշինքներու կերտումը եւ քաղաքական որոշումներու միջոցաւ ազդեցիկ փոփոխութիւններու իրականացման ուղիները։
Յաջորդ նիստերը կեդրոնացան ներկայիս աշխարհը յուզող հրատապ հարցերուն վրայ, ներառեալ Cybersecurity եւ արագ փոխուող պայմաններուն մէջ անվտանգութեան ապահովման մարտահրաւէրները։ Փորձառու մասնագէտներուն ներկայացումները առաջարկեցին գործնական մօտեցումներ՝ դիմագրաւելու բարդութիւններն ու անորոշութիւնները։
Ծրագիրը նաեւ ընդգծեց մարդակեդրոն ղեկավարութեան կարեւորութիւնը՝ շեշտելով արդարութեան, կարեկցանքի եւ նպատակադրուած ղեկավարութեան դերը արդիւնաւէտ ծառայութեան մէջ։
Նիստերուն ընթացքին տեղի ունեցան համաշխարհային փորձառութիւններ ներկայացնող քննարկումներ, ուր դաշտային ծառայողներու մասնակցութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ խոցելի համայնքներու առջեւ ծառացած իրական մարտահրաւէրներուն եւ քաղաքականութեան դերին։ Տեսլականային անդրադարձներու մէջ յատկանշական էր Տէյվիտ Պիսլիի մասնակցութիւնը, որ խօսեցաւ աղքատութեան, կայուն զարգացման եւ ղեկավարութեան պատասխանատուութեան մասին։
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան մասնակցեցաւ նիստերուն եւ քննարկումներուն՝ իր դիտարկումներով եւ փորձառութեամբ լոյս սփռելով առաջնորդութեան, դիմակայունութեան եւ համաշխարհային անորոշութեան պայմաններուն մէջ համայնքներու առաքելութեան կարեւորութեան վրայ։



