Նորընտիր նախագահ՝ Տոնալտ Թրամբ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները հեզասահ կ′ընթանան: Ես միակն եմ, որ գիտեմ աւարտին ով պիտի ընտրուի»: Հերքելով «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի լուրերը, Թրամբ յայտարարած է, թէ ընտրութենէն ի վեր, զանազան երկիրներու ղեկավարներուն հետ հեռախօսային կապ հաստատած է, ակնարկելով Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Սէուտական Արաբիոյ, Ճաբոնի, Աւստրալիոյ եւ Նիւզելէնտի նախագահներուն հետ իր ունեցած հեռախօսազրոյցներուն:
Նշենք, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» այս առումով լուրեր հրապարակած էր, Թրամբի կառավարութիւն կազմելու անցումային շրջանին տիրող լարուած եւ ցնցումային իրավիճակի մասին, ինչպէս նաեւ այն մասին՝ որ մեծ տէրութիւններու նախագահները դժուարութիւն ունեցած են անոր հետ կապ հաստատելու գծով: