Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ցաւակցական հեռագիր յղած է Եգիպտոսի Հանրապետութեան նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ ալ Սիսիին եւ յայտնած իր ցաւակցութիւնը Աղեքսանդրիոյ մօտակայքը տեղի ունեցած ողբերգական արկածին առթիւ, որուն զոհ գացին եւ վիրաւորուեցան բազմաթիւ եգիպտացիներ։
Նախագահը յայտնած է նաեւ իր զօրակցութիւնը Եգիպտոսի նախագահին եւ բարեկամ արաբ ժողովուրդին, զոհուածներու ընտանիքներուն մաղթած է ոյժ եւ համբերութիւն, իսկ վիրավորներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում։