Շիշլի մարզական ակումբը, որ այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան հարիւրամեակը, օրերս, շքեղ հանդիսութեամբ եւ շուրջ 1.500 մասնակիցներու ներկայութեամբ ամփոփած է 2025-2026 տարեշրջանի ձմեռնային մարզադպրոցներու գործունէութիւնը։ Յոբելենական այս ձեռնարկը համախմբած է մարզիկները, ընտանիքները եւ ակումբի բարեկամները՝ արժեւորելով տարեշրջանի մարզական յաջողութիւնները եւ վերահաստատելով ակումբի կրթադաստիարակչական առաքելութիւնն ու ապագայի մեծ ծրագիրները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Շիշլի մարզական ակումբը, որ այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան հարիւրամեակը, բացառիկ շուքով եւ լայն մասնակցութեամբ եզրափակեց 2025-2026 տարեշրջանի ձմեռնային մարզադպրոցներու գործունէութիւնը։ Հարիւրամեայ հաստատութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, տարբեր մասնաճիւղերու մարզիկները, անոնց ընտանիքները եւ ակումբի բարեկամները մէկ յարկի տակ համախմբուեցան, օրը վերածելով իսկական մարզական խրախճանքի մը։
Տօնախմբութիւնը սարքուեցաւ Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի բակին մէջ, հիւրընկալելով մօտաւորապէս 1.500 մասնակից։ Շուրջ 750 մարտիկ-մարզիկուհիներ, որոնք կը մարզուին վեց տարբեր կեդրոններու մէջ, իրենց ծնողներու, մարզիչներու, նախկին ու ներկայ ակումբականներու հետ միասին, նշեցին յաջողութիւններով լի տարեշրջանի աւարտը։
Ոգեւորութիւնը անսահման էր։ Մանկական խաղավայրեր, դիմայարդարման անկիւններ, պաղպաղակի եւ եգիպտացորենի սեղաններ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ զուարճալի ձեռնարկներ յատուկ խանդավառութիւն ստեղծեցին։ Փոքրիկ մարզիկներու ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնը դարձան օրուան ամենագեղեցիկ պատկերները։
Շիշլի մարզական ակումբը այս տարի եւս արձանագրեց նշանակալի յաջողութիւններ՝ զանազան մարզաձեւերու մէջ արժանանալով գաւաթներու, մետալներու եւ առաջնակարգ դիրքերու։ Ակումբի ղեկավարութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն մարզական կեանքին մէջ ունեցած անձնուէր մասնակցութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են այս յաջողութիւններուն մէջ։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք, որ ընդգծեց, թէ ակումբին առաքելութիւնը կը գերազանցէ զուտ մարզական արդիւնքները. «Մեր նպատակը միայն մրցիլը չէ։ Մենք կը ձգտինք մարզիկներ դաստիարակել, կրթութիւնը միացնել մարզանքին եւ երիտասարդ սերունդներուն փոխանցել մնայուն արժէքներ։ Այսօր մեր մարզիկներուն շահած մետալյներն ու գաւաթները այդ հաւատքի եւ աշխատանքի ամէնէն տեսանելի արդիւնքներն են», ըսաւ ան։
Թէքպըչաք նաեւ յայտնեց, որ ակումբի մեծագոյն երազներէն մէկը Շիշլի մարզական ակումբի սեփական, ժամանակակից մարզահամալիր մը նուիրելն է, ուր կարելի պիտի ըլլայ համախմբել բոլոր մարզիկները եւ ստեղծել աւելի կայուն ու արդիւնաւէտ մարզական համակարգ։
Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ հայազգի երեսփոխան Տօքթ. Սեւան Սըվաճըօղլու, որ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ակումբի գործունէութիւնը՝ նշելով, թէ Շիշլի մարզական ակումբը ամէն տարի աւելի կը զարգանայ եւ իր կայուն աշխատանքով կարեւոր ներդրում կը բերէ հասարակական կեանքին։
Օրուան ոգեւոր պահերէն մէկը եղաւ աթլեթիզմի մարզիկներ Ռինա Չոլաքի եւ Աքսէլ Պէշիրեանի բեմ հրաւիրուիլը։ Ռինա Չոլաք, որ 60 մեթր վազքի մէջ արձանագրած էր Իսթանպուլի ախոյենութեան արդիւնք, իսկ Աքսէլ Պէշիրեան՝ բարձրացատքի մէջ Իսթանպուլի չորրորդ տեղը գրաւած էր, արժանացան հանդիսականներու ջերմ ծափերուն։
Հանդիսութեան աւարտին մարզիկներուն յանձնուեցան յաջողութեան վկայագրեր եւ յուշամետալներ։ Այսպէս, հարիւրամեայ ակումբը շքեղ տօնակատարութեամբ փակեց յաջող տարեշրջան մը եւս՝ վերահաստատելով իր կարեւոր տեղը պոլսահայ մարզական կեանքին մէջ եւ վստահ քայլերով ուղղուելով դէպի իր երկրորդ հարիւրամեակ։

