Սուրիա ( Սանա- Գործակալութիւններ) Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող անկայուն վիճակին, Սուրիոյ պետական կեանքը կը շարունակէ բնական կերպով ընթանալ: Այսօր, 13 Ապրիլ 2016-ին, Սուրիոյ մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կը կայացուին: Նախագահ Ասատին համակիր էջեր նկարներ տեղադրած են անոր եւ Առաջին Տիկինին, իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարած պահուն: Յայտնենք, որ այս ընտրութիւնները ընդվզում յառաջացուցած են ընդդիմութեան մօտ, այդ մէկը նկատելով անօրինական:
