image

Նախագահ Ասատ կրնայ տեղի տալ ... Միայն մէկ պատճառով

Նախագահ Ասատ կրնայ տեղի տալ ... Միայն մէկ պատճառով

Սուրիոյ նախագահ Ասատ շեշտած է, որ պատերազմի ողջ ընթացքին երբեք չէ յոգնած, ընկճուած կամ երկիրը լքելու մասին մտածած, որովհետեւ խնդիրը ոչ թէ անձնական է, այլ ամբողջ ազգ մը յուզող հարց է:

Իրանեան «Ալ Ալամ» հեռուստակայանին հետ զրոյցի ժամանակ Ասատ նշած է, որ իրեն ուժ տուողը սուրիացիներու գոյատեւելու կամքն է, երբ իւրաքանչիւր պայթումէ կամ ռմբակոծումէ ետք թիրախաւորուած շրջանը վերստին կը կենդանանայ եւ նոր կեանք կը ստանայ:

Ասատի կարծիքով, ինք կրնայ կորսնցնել իր յոյսը կամ տեղի տալ միայն այն ժամանակ, երբ ամբողջ Սուրիոյ հասարակութիւնը յուսահատութեան մատնուի եւ յանձնուի, որովհետեւ այնժամ զինք կանգուն պահող հանգամանքները պիտի բացակային: