image

Իրանի մէջ այսօր նոր նախագահ պիտի ընտրեն

Իրանի մէջ այսօր նոր նախագահ պիտի ընտրեն

Իրանի մէջ մեկնարկած են նախագահական ընտրութիւնները։ Քուէարկելու իրաւունք ունի 59 310 307 իրանցի։ Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան՝ աւելի քան 1․3 միլիոնը առաջին անգամ է որ կը քուէարկէ։

Ընտրատեղամասերը բացուած են տեղի ժամանակով ժամը 07։00-ին։ Քուէարկութիւնը պիտի աւարտվի կէսգիշերին։ Երկրին մէջ կը գործէ 72 հազար ընտրատեղամաս։ Իրանի քաղաքացիները կրնան քուէարկել եւս 133 երկրի մէջ։

Իրանի մէջ նախագահական 13-րդ ընտրութիւնները կ'ընթանան ՏԻՄ 6-րդ ընտրութիւններուն զուգահեռ։

Նախագահի պաշտօնին կը յաւակնի 4 թեկնածու։ Աւելի վաղ 3 թեկնածուներ յայտարարած էին մասնակցութենէն հրաժարելու մասին։ Մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած էր 592 մարդ, որմէ 40-ը՝ կին։ Հաւանութիւն տրուած էր միայն 7-ի մասնակցութեան։

Նախագահի պաշտօնին կը յաւակնի Խորհրդատուական խորհուրդի քարտուղար Մոհսէն Ռեզային, դատական իշխանութեան ղեկավար Իպրահիմ Ռայիսին, խորհրդարանի փոխնախագահ Ամիրհոսէյն Քազիզատե-Հաշեմին եւ Կեդրոնական դրամատան նախկին ղեկավար Ապտուլ Նասեր Հեմաթին։

Առաջին երեք թեկնածուները կը ներկայացնեն պահպանողականներու ճամբարը, իսկ Ապտուլ Նասեր Հեմաթին՝ ռեֆորմիստներուն (բարեփոխիչներ)։

Առաջին փուլին յաղթանակի համար թեկնածուն պէտք է հաւաքէ ընտրողներու ձայներու աւելի քան 50 տոկոսը։ Հակառակ պարագային կ'ըլլայ երկրորդ փուլ, որ կրնայ կայանալ 25 Յունիսին։