Իրաքի Մուսուլ նահանգը «իսլամական պետութեան» տիրապետութիւնէն ազատագրելու մարտերը կը շարունակուին: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին իրաքեան բանակը յաջողած է 10 Քլմ. Խորութեամբ առաջանալ եւ տիրապետել տասնեակ աւաններու եւ շրջաններու: Նոյն աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, թէ այս կարեւոր ճակատամարտին կը մասնակցին իրաքեան բանակի 60 հազար զինուորներ, որոնք կը պատկանին տարբեր ստորաբաժանումներու: Կը հաղորդուի նաեւ, որ քրտական «Փէշմարքա»ն , նոյնպէս կը մասնակցի ընթացող մարտերուն: Կը նշուի նաեւ, որ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը գործի լծած է անձնասպանական պայթումներ կատարելու ռազմավարութիւնը: Իր կարգին «Բէնթակոն»ի մէկ բանբերը յայտնած է, թէ իրենք հոգ են Մուսուլի ճակատամարտի առաջին օրուան արդիւնքներէն: