Լիբանանեան «Ալ Ախպար» թերթը գրած է, որ ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, անցնող մայիս ամսուան ընթացքին հարիւր անձնասպանութեան փորձի դէպք գրանցուած է:
Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ անցնող հինգ ամիսներու ընթացքին 100 անձնասպանութեան դէպք գրանցուած է, իսկ 2017 թուականի նոյն ժամանակահատուածին անձնասպան եղողներու թիւը 143 էր, մինչդեռ 2014 թուականին 144 դէպք գրանցուած է:
2018 թուականին անձնասպանութեան դէպքերը պատահած են զէնքի կիրառմամբ, խեղդուելու, բարձրայարկ շէնքէ ինքզինք վար նետելու, թունաւորման եւ այլ միջոցներով:
Լիբանանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տուեալներով, երկրին մէջ իւրաքանչիւր 2,5 օրը մէկ անձնասպանութեան դէպք կը գրանցուի, իսկ անձնասպանութեան փորձը՝ իւրաքանչիւր 6 ժամը մէկ: