image
Հրատապ լուրեր:

Միջազգային շահերու համընկնումը ... եւ Ղարաբաղի պատերազմին աւարտը. Արաբ վերլուծաբան

Միջազգային շահերու համընկնումը ... եւ Ղարաբաղի պատերազմին աւարտը. Արաբ վերլուծաբան

Լիբանանցի ռազմական փորձագէտ Շարլ Ապի Նատէր, որ Ղարաբաղեան պատերազմի  առաջին օրէն մեկնաբանութիւններ կատարեց պատերազմի ընդհանուր ընթացքին մասին օրերս ուշագրաւ նիւթ մը ստորագրած է «Ալ Մայատին» կայանի  կայքի վերլուծական  բաժնին մէջ։

Նիւթի շահեկանութեան համար, յօդուածն ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի 27 սեպտեմբերի պատերազմի սկզբնաւորութեան, բոլորը կարծեցին, որ այս պատերազմն ալ ամէն անգամուայ պէս քանի մը օր տեւելով վերջ պիտի գտնէ, առանց տարածքային նշանակալից փոփոխութիւններու:

Սակայն հակառակ ակնկալուածներուն, Ատրպէյճան կրցաւ իր վերահսկողութեան տակ առնել տարածաշրջանին մեծ բաժինը: Անոր մէջ իր դերը ունեցաւ թրքական ինչպէս նաեւ իսրայէլական ռազմական եւ տեղեկատուական աջակցութիւնը:

Հայաստան ձախողեցաւ ռազմականօրէն Ղարաբաղի պաշտպանական գործողութիւնները վարելու, որովհետեւ պատրաստ չէր դիմակայել այնքան սպասուած պատերազմը: Իսկ դիւանագիտական առումով, Հայաստան չկրցաւ կողմնորոշուիլ թէ ուր դիմէ օգնութիւն հայցելու համար, արդեօք Ռուսաստանին, Եւրոպական Միութեան թէ Միացեալ Նահանգներուն եւ դժբախտաբար այդպէս ալ օգնութիւն չստացաւ որեւէ կողմէ:

Սակայն հիմնական պատճառը ներկայ վիճակին, Ռուսաստանի յստակ տեսակէտն էր Ատրպէյճանի սկսած յարձակումին նկատմամբ: Ռուսաստան սկսաւ շարժիլ միայն այն ատեն, երբ արդէն Ատրպէյճան գրաւած էր Ղարաբաղի հարաւային տարածքը ամբողջութեամբ, հասած էր Շուշի քաղաք եւ Ստեփանակերտը ռմբակոծութեան ենթակայ էր: Եւ Փութինի միջնորդութեամբ ստորագրուեցաւ խաղաղութեան պայմանագիր:

Ռուսաստան միշտ հիմնուեցաւ միջազգային օրէնքներուն եւ ՄԱԿ-ի Ղարաբաղի վերաբերեալ որոշումներուն վրայ։Ան յստակօրէն բացատրեց թէ ինչ է իր դերը, եթէ Ղարաբաղն է ենթարկուողը Ատրպէյճանի յարձակման կամ Հայաստանը:

Իրան իր հերթին, 1993-էն ի վեր, յարգելով միջազգային օրէնքները, յաճախ ընդունած է թէ այս տարածքները պէտք է վերադարձուին Ատրպէյճանին, եւ միշտ կողմնակից եղած է բանակցութեան միջոցով հակամարտութեան լուծման հասնելու, հեռու ռազմական գործողութիւններէ:

Իսկ Եւրոպական Միութիւնը, ի մասնաւորի Ֆրանսան, Յունաստանն ու միջերկրականի երկիրները, զգոյշ վարուեցան Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելու մէջ թէ՛ քաղաքականօրէն, եւ թէ ռազմական միջամտութեան առումով, վախնալով Թուրքիայէն, որ կրկին կը հրահրէ Միջերկրական ծովու եւ տարածքային ջուրերու սեփականութեան հարցը:

Ուաշինկթըն այս շրջանին ընդհանրապէս բացակայ էր քաղաքական դաշտէն, անոր միջամտութիւնը Թուրքիոյ ընդմէջէն էր, որուն հետ շահերու համընկնում ունի: Մէկ կողմէն Ատրպէյճանի աջակցիլ, միւս կողմէ Ռուսաստանը նեղել Կովկասի մէջ, եւ վերջապէս ստեղծել անվտանգութեան հարցեր Իրանի սահմանին վրայ, ուղարկելով Թուրքիոյ կողմէ վարձկան զինեալներ:

Ի վերջոյ այս երկիրներու շահերը յանգեցուցին այն եզրակացութեան, որ բոլորն ալ ձեւով մը գոհունակ մնացին եղած խաղաղութեան պայմանագրէն, որ Ատրպէյճանին վերադարձուց հայկական իշխանութեան տակ գտնուող Ղարաբաղի տարածքներուն մեծ բաժինը:

 

 «Արեւելք»ի համար արաբերէնէն թարգմանեց՝ Թ.Գ.